Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու միութեան Սթամպուլի գրասենեակը խորհրդարանի մէջ Կարօ Փայլանի դէմ յարձակումը դատապարտող նամակ ուղարկած է խորհրդարանի նախագահին:
Թրքական Etha կայքի փոխանցմամբ` Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու միութեան Սթամպուլի գրասենեակի նամակի մէջ նշուած է, թէ խիստ կը դատապարտեն հայ ինքնութեան համար Կարօ Փայլանին թիրախաւորելն ու բռնութեան ենթարկելը:
Նամակի մէջ շեշտուած է, որ Մայիս 2-ին Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ իշխող կուսակցութեան պատգամաւորներու յարձակումները հայ եւ քիւրտ պատգամաւորներու վրայ ոչ միայն բռնութիւն էին, այլ նաեւ յանցանք` ատելութիւն եւ ռասիզմի հողի վրայ: “Հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ ֆիզիկական յարձակման ժամանակ միեւնոյն ժամանակ վիրաւորած են անոր հայ ինքնութիւնը` զինք անուանելով “Հայու վիժուածք”:
“Իբրեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, մենք կոչ կ’ընենք ձեզի իրականացնել ձեր պարտականութիւնները` դատապարտել տեղի ունեցածը եւ թոյլ չտալ յետագային նման յարձակումներ”,-նշուած է նամակի մէջ: