Մայիս 9-ի կապակցութեամբ Յաղթանակի տօնդ շնորհաւոր, իմ եղբայր.
Ժիրայր, թո՛ղ, որ այս առիթով երկու խօսք ըսեմ մեր ազգ հայրենակիցներուն եւ արժանապատիւ հայ երիտասարդութեան.
Տարիներ շարունակ Հայաստանի իրարյաջորդ վարչախումբերը եւ շարք մը կուսակցութիւններու ղեկավար մարմիններ փորձեցին վարկաբեկել «Շուշիի առանձնակի գումարտակ»ի հրամանատար՝ Արցախեան պատերազմի տարիներուն մարտական առաջին խաչ շքանշանը վաստակած Ժիրայր Սէֆիլեանը, մասնաւորապէս այն յայտարարութիւններով եւ քարոզարշաւով, թէ իբր Ժիրայրը քաղաքականութենէ չի հասկնար, ինք զինուորական է, ու պէտք չէ քաղաքականութեամբ զբաղի:
Ցաւալի է այն, որ տարիներ շարունակ, թէ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ, մեր բոլորիս ականջները լսեցին այս խօսքերը, բոլորիս աչքերը տեսան իր նկատմամբ կատարուած անարդարութիւնները, սկսելով 2006-թուականի ձերբակալումէն՝ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի կողմէ յատուկ մշակուած թատրոնով մը, շարունակուելով յաջորդած իշխանութեան օրերուն , որուն պատուէրով կազմակերպուեցաւ Բեռձորեան վայրագ յարձակումը խաղաղ ժողովուրդին վրայ եւ հասնելով 2015-թ Ապրիլեան ձերբակալումներուն՝ ՀՀ երորդ նախագահ Սերժ Ազատի Սարգսյանի հրամանով:
Կարդացեք նաև
Վերջին տասը-տասնհինգ տարիներուն շատեր յամրաքայլ թէ հապշտապ հեռացան Ժիրայրէն, շատեր ուրացան զինք եւ շատեր ձեւացնելով, թէ իր կողքին են՝ դաւաճանեցին. ես շատ կը ցաւիմ այս բոլորին համար, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը ծիծաղիմ փոքրոգութեան այս ներկայացումին վրայ…:
Պատմութիւնը չի մոռնար նուիրեալ հերոսներուն անունները, սակայն ըստ երեւոյթին միշտ պիտի գտնուին մտքով ու հոգիով գաճաճներ, որոնք խեղաթիւրելով պատմութիւնը, պիտի փորձեն զինք օտարել յատկապէս նոր սերունդէն, զինք վանել մարդոց սրտէն, միտքէն ու հոգիէն…
Իրականութիւնը միշտ մէկն է եւ երկրորդ չի կրնար ըլլալ, մեր դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը մէկն է եւ երկրորդ չի կրնար ըլլալ, մեր տեսակը այնպիսին է, որ շարունակելու ենք յամառօրէն յանուն մեր ժողովուրդին, հանուն արդարութեան եւ յանուն մեր ազգին արժանապատուօրէն ծառայել մինչեւ վերջ:
Ես միշտ դժուարութեան դիմաց գտնուեր եմ, երբ իմ կրտսեր եղբօր մասին ուզեր եմ խօսիլ, պատմել եւ արտայայտուիլ, միշտ մտածելով, որ մարդիկ կրնան զիս սխալ հասկնալ:
1999 թուականէն ի վեր, Հայրենիքի քաղաքական կեանքէն ներս Ժիրայրը ունեցաւ իր ամուր, կարծր եւ հատուկ կարծիքը հնչեցնելու բազմաթիւ առիթներ, որովհետեւ կային լուրջ, ծանրակշիռ, վտանգաւոր ու մտահոգիչ պատճառներ եւ բազում թերութիւններ՝ քաղաքական եւ ընկերային համակարգին մէջ, աններելի բացթողումներ՝ այդ համակարգի գլխաւոր դերակատարներուն՝ իշխանութիւններուն եւ գործող կուսակցութիւններուն կողմէ:
Հայաստանի բոլոր նախագահներն ալ Ժիրայրի այս կեցուածքին համար մերժեցին անոր շնորհել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը, որմէ ան զրկուած կը մնայ մինչ օրս: Ինծի համար շատ պարզ էր, որ իշխանութիւնները պիտի չուզէին այդ քայլը առնել, որովհետեւ իրենք կ’ենթադրէին, որ այդպիսով պիտի կրնան խեղճացնել զինք, պիտի կարենան գնել իր ձայնն ու խիղճը, իր կեցուածքն ու խօսքը ու պիտի կարենան զսպել իր ընթացքը: Ինչպիսի ամօթալի մարտավարութիւն…Բայց ինծի համար անհասկնալի մնաց, եւ շատ ցաւալի՝ այն երեւոյթը, որ հանրութիւնը Ժիրայրի այս հարցով չպայքարեցաւ եւ պահանջատէր չեղաւ. իրենց լռութեամբ յատկանշուեցան մասնաւորապէս «ընդդիմադիր» քաղաքական դաշտի գրեթէ բոլոր ուժերը, դարձեալ համոզուած ըլլալով, որ ունէին իրենց այլ ձեւի շահերը Ժիրայրի այդ կացութեան պահպանման մէջ…:
Չեմ կրնար անշուշտ չյիշել այն փոքրաթիւ մարդիկը, որոնք իսկապէս պայքարեցան ու պահանջատէր եղան, տարբեր ժամանակներու, Ժիրայրի քաղաքացիութեան հարցին նկատմամբ, որոնց եւ կ՛ուղղեմ իմ շնորհակալութիւնս եւ ընկերական ողջոյններս:
Մէկ ձեռքը ծափ չի ծափեր: Մեր ժողովուրդի բիւրաւոր տարիներու այս իմաստութիւնը կ՛ուզեմ յիշեցնել բոլոր իմաստակներուն, որոնք դիւանագիտական խամաճիկութեամբ առիթով եւ անառիթ միայն իրենց հեղինակաւոր թուացող կարծիքներ կը հնչեցնեն Ժիրայրի այս կամ այն տեսակի գործունէութեամբ զբաղելու թէ չզբաղելու իրաւունքին կամ կարողութեան մասին: Կ՛ուզեմ, որ անոնք իմանան, թէ որեւէ մէկը մենաշնորհ չի կրնար ինքնիրեն վերագրել որոշելու, թէ ո՞վ ալ աւելի ազնիւ է եւ ունակ՝ քաղաքականութեամբ զբաղելու, եւ թէ մարդու եւ հայու ո՞ր տեսակը պէտք է ազգային գործերով զբաղի՝ իր շուրջ համախմբելով մեր ժողովուրդին:
«Մենք ենք որոշում, թէ Ժիրայր Սէֆիլեանը ու՞մ է պէտք»: Ոչ միայն բանակին, նաեւ քաղաքական դաշտի՛ն Ժիրայր Սէֆիլեանը պէտք է…
Վերջին քսանհինգ տարիներուն շատեր շարունակ փորձեցին մեր ժողովուրդը մասնատել, Հայաստանը հակադրել Արցախին, Սփիւռքը հեռացնել Հայաստանէն: Քաղաքական դաշտին վրայ տիրապետեցին անհանդուրժողութիւնն ու հալածանքները , քարկոծումներն ու փոխադարձ վարկաբեկումները փոխարինեցին առողջ բանավէճին, բանտարկութիւններ եւ նոյնիսկ սպանութիւնը ի գործ դրուեցան քաղաքական հաշուէյարդարներու համար:
Ո՞վ ըսաւ, որ մենք պատերազմը յաղթանակեր ենք. պարզապէս որոշ չափով արտաքին՝ ռազմական ճակատի ճակատամարտն ենք յաղթեր, բայց ոչ՝ ներսի…:
Ո՞վ ըսաւ, որ մենք ու մեր ազգը արժանի էր այս ամէն ինչին:
Ո՞վ է եղեր ան, որ այսպէս պիտի որոշեր մեր ազգի ճակատագիրը:
Հայաստանի վերնախաւին մէջ այդպէս ալ չհասկցան սփիւռքահայութեան անկեղծ սէրը, պատրաստակամութիւնը, նուիրուածութիւնը եւ ի վերջոյ կարեւորութիւնը՝ մեր բոլորիս հայրենիքէն ներս:
Ժիրայր, երբ տարիներ շարունակ կ’ըսէիր՝ «Ժանտախտի օրով խրախճանք կարելի չէ ընել» եւ երբ տարիներ շարունակ «Արաքս-Կուր» հիմնադրամը ստեղծելով սահմանային ծրագրի մասին կը խօսէիր եւ դարձեալ տարիներ, 2016-թ. Ապրիլեան պատերազմը դեռ չսկսած, «Ազգ-Բանակ» գաղափարախօսութեան մասին լուրջ ծրագիրով բազմաթիւ անգամներ ձայն բարձրացուցիր, գոնէ հայրենիքէն ներս ապրողները որքան՞ով այդ ամէնը կարեւորեցին եւ ընդառաջեցին… շատ քիչեր, շատ քիչեր քեզ հասկցան, որ հերիք չէր:
Այսօր մեր երիտասարդութեան պէտք է ՀԱՍԿՆԱԼ , պէտք է առիթ տալ եւ ի վերջոյ վստահիլ է պէտք:
Շատ կարեւոր է, որ մեր գիտակցութիւնը ըլլայ միշտ մեզ հետ…
Իմ խօսքիս բուն հասցէատէրը այսօր մեր ժողովուրդն է…
Ժողովուրդ, պատերազմը սկսած է, եւ պատերազմէն պէտք չէ վախնալ… Կա՞յ մէկը, որ մեզ կրնայ վստահեցնել, թէ մենք կը մնանք կրնանք յաղթել՝ եթէ այսպէս պիտի շարունակենք… Մինչեւ պատերազմը Ատրպէյճանի տարածք չփոխադրուի եւ զուգահեռ չմտածենք, թէ ինչպէս փոխել Ատրպէյճանի ներքին կացութիւնը՝ այնտեղ ապրող էթնիկ փոքրամասնութիւններու աջակցութեամբ եւ գործակցութեամբ՝ մենք պատերազմը չենք յաղթեր. ամէն օր անիմաստ զոհեր պիտի տանք եւ անորոշութիւնը պիտի երկարի, ինչպէս այլ երկիրներու մէջ. ես իմ մորթին վրայ զգացեր, տեսեր եւ ապրեր եմ, թէ այդ ամէնը ինչ կը նշանակէ:
Այս պատերազմի ձեւով, որ որդեգրեր ենք, միայն ու միայն մեծ պետութիւններու հաճելի խաղալիքը կը դառնանք եւ մշտապէս խեղճ ու մուրացկանի դերի մէջ կը մնանք:
Պատմութենէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը կայ այսօր: Պատմութենէն դասեր քաղել կը նշանակէ կարողանալ ազնուօրէն ուժերը հաւաքել եւ վճռականօրէն վերածնիլ ու ձայնը բարձրացնել՝ իրաւունքները պահանջելով արդարութիւնը վերականգնել:
Ես կը հաւատամ եւ շատ կը կարեւորեմ, որ պէտք է վայրկեան առաջ սկսիլ գործել ՆՈՐ մտածելակերպով ու շունչով, նոր Հայաստան կառուցելու տեսլականով: Այս գաղափարին շուրջ պէտք է հաւաքուինք՝ բոլոր ազնիւ մտաւորականները, մասնագէտները, բոլոր առողջ հայամետ ուժերը եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը:
Իմանալով, որ
Բան գրելով բան դուրս չի գար,
Անգէտի մօտ արդիւնք չի տար,
Կեանքի գիրքն է ճշմարիտը`
Հասկցողին ճամփայ կու տայ…
Անցեր է քսանվեց տարի, բայց մեր նպատակը մնացեր է նոյնը:
Անցեր է քսանվեց տարի, բայց տեսնելու ենք անկախ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:
Պէյրութ, Մայիս-8-2016
Թորոս Սէֆիլեան
Հայկական Վերածնունդ կազմակերպութեան Լիբանանի մասնաճիւղի համակարգող