Yerankouyn.com. Հալէպի բնակչութիւնը կը շարունակէ ապրիլ ողբերգական վիճակի մէջ: Հինգ տարուան պատերազմական վիճակի ամենամեծ տուրքը վճարող Հալէպի ժողովուրդը կը շարունակէ թիրախը մնալ զինեալ ահաբեկչակսն խմբաւորումներուն։ Որեւէ քաղաքացի փողոցը քալած պահուն, տան մէջ թէ աշխատանքի ժամանակ կրնայ ենթարկուիլ հրթիռակոծման:
Հակառակ յայտարարուած զինադուլին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ երրորդ օրն ըլլալով խախտեցին զինադուլը։ Անոնք այսօր հրթիռակոծեցին Նոր Գիւղ, Սաատ ալլա Ճապիրի, Ճեմիլիէ եւ Սեպիլ շրջանները։ Արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ։ Նոր Գիւղի մէջ փուլ եկաւ շէնք մը: Տեղական աղբիւրներու համաձայն, Նոր Գիւղի մէջ ահաբեկիչներուն կողմէ արձակուած կազի տակառի մը պայթիւնին հետեւանքով փուլ եկած շէնքին փլատակներուն տակ, մինչեւ այս ժամը արձանագրուած է 3 զոհ՝ կին մը եւ երկու երեխայ։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» օրաթերթը:
Հրապարակումն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: