Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Դժուար է հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ. Թուրք արձակագիր Էլիֆ Շաֆաքի յօդուածը The Guardian-ի մէջ

Մայիս 06,2016 16:50

Այս շաբաթ Թուրքիոյ քաղաքական իրարանցման ընթացքին, որ գագաթնակէտին հասաւ վարչապետին հրաժարականի մասին յայտարարութեամբ, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ թէժ քննարկման թեմա դարձած էր Օսկար Ուայլտը, ըստ Armenpress-ի` The Guardian թերթին մէջ կը գրէ թուրք յայտնի արձակագիր Էլիֆ Շաֆաքը:

Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամը ցանկացած է մէջբերում կատարել Ուայլտէն, սակայն իշխող կուսակցութենէն պատգամաւորը առարկած է մէկը մէջբերելու գաղափարին, որ ոչ մահմետական է, ոչ թուրք: «Դուն ունի՞ս օրինակներ այս մշակոյթէն, այս քաղաքակրթութենէն»,- ըսած է ան:

«Երբ անոնք Ուայլտի մասին չեն վիճիր, հարուածներով կը փոխանակուին,- կը գրէ Շաֆաքը: Ան կը յիշեցնէ, որ պատգամաւորներուն անձեռնմխելիութենէն զրկելու մասին օրինագիծի քննարկման ժամանակ, որ կանխամտածուած օրէնքի փոփոխութիւն է եւ կրնայ յանգեցնել քիւրտ պատգամաւորներու նկատմամբ դատական գործերու եւ ձերբակալութիւններու, իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան պատգամաւորները հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին հարուածած են եւ ատելութեան խօսքեր յղած: Փայլան ըսած է. «Անոնք չեն կրնար մարսել, որ ինքնութեամբ հայ մարդը կը բացայայտէ անոնց սուտերը եւ չ՛ընկրկիր»:

«Դժուար է հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ: Կամ քիւրտ, կամ ալեւի, կամ միասեռական կամ զինուորական ծառայութենէ կրօնական համոզումներու համար հրաժարող, կամ հրեայ, կամ կին, կամ մէկը, որ պարզապէս համաձայն չէ այն ամէնուն հետ, ինչ տեղի կ՛ունենայ երկրին մէջ: Եթէ ստացուի այնպէս, որ դուք թուարկածներէն մէկէն աւելիին կը համապատասխանէք, կեանքն ա՛լ աւելի կը դժուարանայ: Ցանկը կարելի է անվերջ շարունակել: Բազմազանութիւնը խեղդած է: Խօսքի ազատութիւնը` վերացուած: «Նոյնութեան գաղափարախօսութիւն» կ՛իշխէ երկրին մէջ:

«Գաղափարախօսութիւնը կը ձեւաւորուի թրքական ազգայնականութեան, իսլամիզմի եւ մետանտիրութեան միջոցով` խառնուած արականութեան եւ հայրիշխանութեան: Քաղաքականութեան լարուածութիւնը կը ներխուժէ առօրեայ կեանքի բոլոր բնագաւառները»,- կը գրէ հեղինակը:

Շաֆաք կը գրէ, որ Թուրքիան այլեւս պարզապէս քաղաքականապէս բեւեռացուած չէ, այլ բաժանուած է երկու մոլորակի` անոնք, որոնք կը շարունակեն աջակցիլ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, եւ անոնք, որոնք անոր դէմ են: Իշխող կուսակցութեան անդամներէն կը սպասուի անվերապահ հնազանդութիւն, չկայ անգամ ներկուսակցական ժողովրդավարութեան թոյլ նշոյլ:

Վարչապետ Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը զարմացուց բոլորը, ան ըսաւ, որ իր հրաժարականը ընտրութիւն չէր, այլ «անհրաժեշտութիւն»: Գաղտնիք չէ, որ յաջորդ վարչապետը պիտի ըլլայ մէկը, որ ամբողջապէս կը վերահսկուի Էրտողանի կողմէ, ով ա՛լ աւելի կ՛ամրապնդէ իր իշխանութիւնը: Վերջիվերջոյ, Էրտողան կը ցանկայ Թուրքիան վերածել նախագահական վարչակարգի` իշխանութեան մենաշնորհով:

Երեք տարի առաջ Կեզի պուրակի ցոյցերէն ի վեր մարդոց յաճախ եւ համակարգուած կերպով վախցուցած են: Միջինը իւրաքանչիւր չորս օրը մէկ Թուրքիոյ մէջ մէկը կը դատուի Էրտողանը վիրաւորելուն համար` նախագահ դառնալէն ի վեր մօտ 2000 մարդ, անոնց շարքին են արուեստագէտներ, լրագրողներ, ծաղրանկարիչներ, գիտնականներ, նոյնիսկ` ուսանողներ` Facebook-ի մէջ իրենց մեկնաբանութիւններուն համար: Լրատուամիջոցները եւ ընկերային մետիաները խիստ վերահսկողութեան կ՛ենթարկուին:

«Անցեալին մէջ մենք սեւ զուարթամտութեան ամուր աւանդոյթ ունէինք: Քաղաքականութիւնը կոշտ էր, սակայն կարելի էր ծիծաղիլ քաղաքական գործիչներու վրայ: Այժմ ոչ: Վերջին հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ ժողովուրդին միայն կէսը կը կարծէ, որ բնական է հրապարակայնօրէն քննադատել իշխանութիւնը: Երբ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Էրդողանին ընդառաջելով` թոյլ կու տայ գերմանացի կատակերգուներու նկատմամբ դատական հետապնդում սկսելու` Թուրքիոյ նախագահին «վիրաւորելու» համար, ատիկա յստակ ուղերձ է Թուրքիոյ ժողովրդավարներուն. «Դուք միայնակ էք»:

Ի՞նչ եղաւ թրքական մոտելը, որուն հետ մենք այդքան յոյսեր կը կապէինք: Արեւմտեան ժողովրդավարութեան, աշխարհիկութեան, մեծաւ մասամբ մահմետական մշակոյթով եւ բազմազան հասարակութեան այդ իւրայատուկ խառնուրդը այսօր դատարկ հռետորութիւն է: Նոյնիսկ Եւրոմիութիւնը, որուն մենք` թուրքերս, ժամանակին կը ձգտէինք, վերածուած է քաղաքական խաղի:

Այնուամենայնիւ, Թուրքիան միլիոնաւոր գեղեցիկ մարդիկ ունի, որոնք, թէեւ խորապէս ընկճուած են, բարոյալքուած եւ միայնակ, կապուած են իրարու հետ ողջ աշխարհի եւ առաջ են իրենց իշխանութենէն: Իսկ խորհրդարանին մէջ (Օսկար Ուայլտէն-խմբ.) այդ մէջբերո՞ւմը, որ արհամարհուեցաւ: Անիկա իշխանութեան գռեհկութեան մասին էր»,- կ՛եզրափակէ Շաֆաքը:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031