Թուրքիոյ զանազան նահանգներու մէջ կը շարունակուին բողոքի ձայներ հնչել Մերսինի մէջ կառուցուելիք հիւլէակայանին դէմ, եւ պարբերաբար բողոքի ցոյցեր կը կատարուին այդ պատճառով։
Պոլսոյ «Մարմարա»-ն կը հաղորդէ, թէ ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք իր կարգին կը պնդէ, որ Թուրքիա չի կրնար հրաժարիլ այս ծրագիրէն, որ երկիրի ապագային համար «յոյժ կարեւոր» է։
Կայանի վտանգներուն մասին բողոքողներուն հակադարձելով՝ նախարարը իր խօսքը կապած է Հայաստանի հիւլէակայանին ու յայտնած է, որ եթէ ցուցարարները բողոքել կ՛ուզեն, ապա թող բողոքեն Մեծամորի կայանին դէմ, նշելով, որ անիկա Թուրքիոյ սահմանէն միայն 10-20 քիլոմեթր հեռու է։
«Ես ցուցարարներուն կը յանձնարարեմ, որ անոնք իրենց ջանքերը կեդրոնացնեն Հայաստանի կայանին դէմ բողոքելու վրայ։ Անով, անոնք Թուրքիոյ աւելի՛ մեծ բարիք գործած կ՛ըլլան։ Մեծամորի կայանը 40 տարիներ առաջուան արհեստագիտութեամբ կառուցուած է եւ սպառնալիք է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհին համար», եզրակացուցած է նախարարը։