Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան կը հաստատէ, որ թշնամին, այսօրուան դրութեամբ, զօրքի եւ զինատեսակի աւելի՛ մեծ կուտակումներ ունի սահմանին մօտիկ, քան՝ Ապրիլ 2ին, երբ ձեռնարկած էր իր լայնածաւալ յարձակումներուն:
Անակնկալ յարձակումի պարագային իսկ յաջողութեան չհասած ատրպէյճանական բանակը արդեօք ի՞նչ կը յուսայ իրականացնել: Չէ որ իր յառաջխաղացքը կասեցուցած ու զինք ետ շպրտած Հայոց Բանակը հիմա աւելի՛ աչալուրջ կը հսկէ սահմանին, պատրաստ՝ ամէն տեսակի ու տարողութեան սադրանքի:
Կասկածէ դուրս է, որ Ատրպէյճանի բռնատէր Ալիեւը, զինուորական ուժի յաւելեալ կուտակումներով կը փորձէ հոգեբանական ճնշում բանեցնել Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին վրայ, յուսալով զիջումի տրամադրութիւն յառաջացնել թէ՛ ղեկավարութեան, թէ՛ բանակին, եւ թէ բնակչութեան մէջ:
Սեփական ժողովուրդին տրամադրութեան անհաղորդ իշխանաւորէն ակնկալել, որ մէկ այլ ժողովուրդի զգայնութեանց հասու ըլլայ՝ քիչ մը անհաւանակա՛ն է: Արդարեւ, ահա 28 տարիէ ի վեր, հայ ազգն ու Հայաստանը ամէնէն յստակ ու ամէնէն կտրուկ ձայնով կ՛աղաղակեն, որ Արցախը եղած է ու պիտի մնայ հայկական, եւ որ Արցախ ու Հայաստան պետութիւնները եւ համայն հայ ժողովուրդը պատրաստ են ամէն տեսակի զոհողութեան, որպէսզի պահպանուին մեր հայրենիքի պատմութեամբ եւ արիւնով նուիրագործուած սահմանները:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez –ի կայքում