yerakouyn.com. Այսօր կրկին թէժ օր մը արձանագրուեցաւ Հալէպի մէջ, ուր ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին համեմատաբար խաղաղ կարծուած Մոկամպոյի, Նիլի, Մուհաֆազայի, Խալտիէի, Ալ Ռահման մզկիթի, Սեպիլի եւ Ռազիի շրջանները, ինչպէս նաեւ պետական գրեթէ բոլոր համանսարանները: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։
Հարիւրաւոր ռումբերու տարափին մեծագոյն թիրախը հանդիսացաւ «ՏԱՊՊԻԹ» անձնական հիւանդանոցն ու մանկատունը՝ արձանագրելով մեծաթիւ վիրաւորներ եւ խլելով տասնեակ զոհեր, յատկապէս նորածին մանուկներ: