yerakouyn.com. Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան մասնակցած է Մայիս 1-ի` Աշխատանքի եւ աշխատաւորներու միջազգային օրուան առիթով կայացած երթին:
Անթաքիոյ մէջ կայացած երթի ընթացքին հայ պատգամաւորը պարզած է պաստառ մը, որուն վրայ տարբեր լեզուներով, ինչպէս նաեւ` հայերէն գրուած մայիսմէկեան կարգախօսներ եղած են:
Երթի լուսանկարները իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ տեղադրած Փայլան գրած է. «Կեցցէ Մայիս 1-ը»: