Նոր Գիւղի նախկին Զէյթուն խան շրջանը հրթիռակոծուեցաւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ։ Փուլ եկաւ շէնք մը, որուն բնակիչները փլատակներու տակ մնացին։ մինչեւ այս ժամս արձանագրուած է 6 զոհ, 43 վիրաւոր։
Պատկերը ողբերգական է։ Շտապ օգնութեան խումբեր արիւնաթաթախ փլատակներուն տակէն դիակներ դուրս կը հանեն։
Հալէպի մէջ աւելի քան շաբաթ մըն է աղէտալի վիճակ կը տիրէ։ Ահաբեկչական խմբաւորումներ անընդհատ կը հրթիռակոծեն բնակելի թաղամասեր։
«Գանձասար» պարբերականի ֆեյսբուքյան էջից