Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայկական կողմը համոզուած է, որ 1994-ին կնքուած պայմանագիրը չեղեալ յայտարարուած չէ. «Ազդակ»

Ապրիլ 28,2016 11:50

Հայկական կողմը համոզուած է, որ 1994-ին կնքուած պայմանագիրը չեղեալ յայտարարուած չէ: Աւելի պարզ ըսելաձեւով կայծակնային քառօրեայ պատերազմը, նախապէս կնքուած համաձայնագիրը չեղեալ նկատել չէ, այլ խախտում. խախտումներու շարունակականութիւնը նկատի ունենալով այս պարագան պէտք է ընկալել իբրեւ լայնածաւալ խախտում: Թէեւ այս հաստատումէն քիչ առաջ նախագահը կ՛ակնարկէր ոչ թէ հրադադարի խախտման, այլ ռազմական գործողութիւնները կը բնութագրէր իբրեւ քառօրեայ պատերազմ` ըստ էութեան:

Ըստ էութեան համատարած համոզում է, որ կատարուածը սահմանափակ ժամկէտով կայծակնային յարձակողական պատերազմ է, որ սանձազերծուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ: Եւ պատահական չէ, որ համաշխարհային հեղինակութիւն նկատուող լրատուամիջոցին տրուած հարցազրոյցին մէջ նախագահ Սարգսեան կատարուածը կը նկատէ խախտում պահպանուող պայմանաւորուածութիւններուն:

Արձանագրուածը անշուշտ կատարուած ռազմական գործողութիւններու քաղաքական մեկնաբանութիւնն է եւ ոչ թէ ռազմական բնութագիրի ձեւակերպումը: Իսկ քաղաքական իմաստով մեծ նշանակութիւն ունի հայկական կողմին կառչած մնալը 1994-ի համաձայնագիրին:

Հրադադարի համաձայնագիրին տակ ստորագրած են Երեւանը, Ազրպէյճանն ու Ստեփանակերտը: Բանակցային գործընթացին վերաբերող հրապարակուած երկու փաստաթուղթ կայ, որոնց տակ կ՛երեւայ եռակողմ ստորագրութիւն: Առաջինին մէջ, որ հիմնական պայմանագիրն է` ընդառաջելով Պիշքեքի խորհրդաժողովի արձանագրութեան  եւ ուղղուած Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Պ. Ս. Կրաչովին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Ա. Վ. Քոզիրեւին, Վ. Ն. Քազիմիրովին, կողմերը կը համաձայնին. ապահովել կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցումը 12 մայիս 1994-ին 00 ժամ 01 վայրկեանէն: Կրակի դադրեցման մասին համապատասխան հրամաններ կը տրուին եւ կը հասցուին զինուորական ստորաբաժանումներու հրամանատարներուն, որոնք պատասխանատու են անոնց կատարման համար ոչ ուշ, քան 10 մայիսի 1994-ին ժամը 15:00-ին: 11 մայիսին մինչեւ ժամը 20:00 կողմերը կը փոխանակեն կրակի դադրեցման մասին իրենց հրամանագիրները` հաւանական փոխադարձ լրացումներու եւ հետագային համանման փաստաթուղթերու հիմնական դրոյթներու նոյնականացման նպատակով:

Երկրորդը, իբրեւ յաւելուած թիւ 39 հրադադարը պահպանելու յայտարարութիւն 26-27 յուլիս 1994-ին, դարձեալ ուղղուած Ռուսիոյ օրուան պաշտպանութեան նախարարին եւ արտաքին գործոց  նախարարին, ուր իրենց ամուր վճռականութիւնը կ՛արտայայտեն հետագային եւս շարունակելու կրակի դադրեցման ուղղութեամբ իրենց պարտաւորութիւններու կատարումը` մասնաւորապէս, նկատի ունենալով ատով իսկ պահպանել Մեծ քաղաքական համաձայնագիրի ստորագրման եւ հակամարտութեան գօտիին մէջ միջազգային դէտերու տեղաբաշխման համար պայմանները:

Փաստաթուղթերը ունին նաեւ այլ բաժիններ. կը կեդրոնանանք այս երկու հատուածներուն վրայ` կարեւոր նկատելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի կողքին պաշտօնական Ստեփանակերտի մասնակցութիւնն ու ստորագրութիւնը:

Կ՛ենթադրուի, որ ճիշդ այս կէտն է, որ լուսարձակի տակ կը բերէ նախագահը եւ ընդգծելով, որ պայմանաւորուածութիւնը պահպանուած է, ըսել կ՛ուզէ նաեւ, որ Ստեփանակերտը իբրեւ անկախ կողմ ընդունելու միջազգային պայմանաւորուածութիւնն է, որ կը պահպանուի: Այժմ հրադադարի վերահաստատումը բանաւոր է եւ չի կրնար նաեւ փոխարինել գրաւորը, որովհետեւ գրաւորը եռակողմանի է, մինչ բանաւորը` երկկողմանի:

 

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930