Թշնամին է, որ ամէն օր մեզ կը յիշեցնէ, թէ պատերազմը վերջ չէ գտած, թէ ամէն օր սահմանի վրայ անհանգիստ վիճակ կը տիրէ, ամէն օր մեր հերոս զինուորները մահ կը դիմագրաւեն եւ, դժբախտաբար, գրեթէ ամէն օր զոհ կ՛ունենանք:
Հակառակ այս ամէնօրեայ յիշեցումներուն, մեր իրականութեան հետեւողը կրնայ այնպիսի տպաւորութիւն ստանալ, թէ վտանգը անցած է, եւ թշնամիի դաւադիր գործողութիւններու սպառնալիք չկայ այլեւս:
Բնական կրնայ ըլլալ, մանաւանդ երբ հեռու ենք պատերազմի թէժ կէտերէն, երբ հեռու ենք մահացու արկերու տարափին տակ ապրող Մարտակերտէն, որ մենք մեզ հանգստացնելու տրամադրող վերլուծումներ կատարենք:
Պէտք է գիտակցիլ, սակայն, որ մեր թուլացումը անպայմա՛ն իր ազդեցութիւնը, իր հետեւանքը կ՛ունենայ ընդհանուր մթնոլորտին վրայ, որ իր կարգին՝ կրնայ հասնիլ մինչեւ ճակատ, մինչեւ պաշտպանական դիրքեր ու խրամատներ:
Կարդացեք նաև
Յամենայնդէպս, երբ տակաւին ռումբերու պայթումին եւ արկերու աւերումներուն մասին լուրեր կը հասնին, անհեթեթ կը դառնայ մօտալուտ խաղաղութեան սպասող կշռոյթով ապրիլ:
Յիշեցման կարգով, ուրեմն՝ տակաւին մեր բանակը հզօրացնելու հրամայականը այժմէակա՛ն է, տակաւին ու դեռ երկար ժամանակ, մեր նահատակ զինուորներու ընտանիքները մնայուն եւ արժանապատիւ կեանքով ապահովելու աշխատանքները, դրամահաւաքները շարունակելու պարտադրանքը մեր առօրեային մա՛ս պէտք է կազմէ, դեռեւս ճգնաժամային պայմաններուն պահանջած զօրաշարժի մթնոլորտին մէջ մնալը անքննելի՛ է:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում