Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ինչպէ՞ս կարելի է թշնամիին դէմ ամուր պահել մեր երկիրը, եթէ ներքին փտածութիւնը աւեր կը գործէ. «Ասպարեզ»

Ապրիլ 27,2016 12:21

Պատերազմի առաջին օրերուն ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ պատրաստ է ամէն տեսակի զոհողութիւններու՝ հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր։ Հազարաւորներ, առանց հրաւէրի կամ հրամանի, ի զարմանս դիմադիրներուն եւ ընդդիմադիրներուն, կամաւոր մեկնեցան ճակատ կամ բանակի օգնութեան համար միջոցառումներ կազմակերպեցին։

Հիմա, նոյն այդ զինուորներու եւ կամաւորներու հայրերն ու մայրերը, քոյրերն ու եղբայրները իրենց երկիրը ղեկավարողներէն կը պահանջեն վերջ դնել անպատժելիութեան մթնոլորտին, մսխումներուն, կոռուպցիային՝ փտախտին, հովանաւորչութեան եւ կաշառքին, պատժել պետական պիւտճէն չարաշահողները եւ ստեղծել արդար հասարակարգ։

Անոնք հարց կու տան, թէ ինչպէ՞ս կարելի է թշնամիին դէմ ամուր պահել մեր երկիրը, եթէ ներքին փտածութիւնը աւեր կը գործէ եւ կը սահմանափակէ պետութեան զարգացումն ու հզօրացումը։ Եթէ մեր երկիրը արտաքին վտանգներ կը դիմագրաւէ, ուրեմն մեր պետականութեան բերդը պէտք է առաջին հերթին ներսէ՛ն ամրացնենք, որպէսզի մեր սահմանափակ կարողութիւնները ճի՛շդ եւ նպատակային ձեւով օգտագործուին ու չծառայեն խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ անհատներու դրամատնային հաշիւներու ուռճացման, կ՛ըսեն անոնք։

Այո՛, կարելի չէ թշնամիին հետ բանակցիլ ժողովրդականութիւն չունեցող կամ անտարբեր ու պառակտուած հասարակութիւն ունեցող առաջնորդներով։ Բայց ժողովուրդին աջակցութիւնը կարելի է ունենալ՝ միա՛յն անոր վստահութիւնը շահելով եւ անոր պահանջներուն ականջալուր ըլլալով։

Ցարդ, սակաւ է թիւը իշխանութեան վրայ գտնուող այն ղեկավարներուն, որոնք դրականօրէն արձագանգած են ժողովուրդի վերոնշեալ պահանջներուն։ Անոնցմէ կ՛արժէ մէջբերել ռուսահայ մեծահարուստ Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրը՝ հանրապետական պատգամաւոր Կարէն Կարապետեանի հետեւեալ արտայայտութիւնը, «Եւ վերջապէս՝ բաւակա՛ն է, մենք պիտի կարողանանք դասեր քաղել ապրիլեան իրադարձութիւններից։ Խելքի պէտք է գալ… Բաւակա՛ն է այլոց երեխաների արեան հաշուին, մեր քաղաքացիների հաշուին կառուցել սեփական երջանկութիւնը։ Հարկաւոր է ուղղակի կանգ առնել»։

Անցեալ տարի, ամառը, երբ ժողովուրդը ցոյցերով կը բողոքէր ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ, Հայաստանի ոստիկանապետ Վովա Գասպարեանը, խումբ մը բողոքող երիտասարդներու մօտենալով՝ սկսած էր գոռալու. «Սթափուէ՜ք, մենք փոքր երկիր ենք, սթափուէ՜ք»։

Հիմա, ժողովուրդը նոյն այս խրատը կ՛ուղղէ ճիշդ հասցէատիրոջ՝ Հայաստանի իշխանաւորներուն, ըսելով՝ եթէ կ՛ուզէք մեր նեցուկն ու աջակցութիւնը, ուրեմն «սթափուէ՛ք, մենք փոքր երկիր ենք, սթափուէ՛ք…»։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930