ԱՐԵՆԻ ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ
Սիրելի՛ հայ զինուոր,
Դարձեալ ժամանակը եկած է, որ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար պատերազմի ճակատին վրայ զինուած կանգնած ես, ետիդ ձքած՝ մայր, հայր, քոյր, եղբայր, կողակից ու զաւակ, կը պայքարիս մեր հայրենի սուրբ հողի պաշտպանութեան համար: Մեր սիրելի Արցախը կը փորձեն կրկին խլել դաժան թշնամիները: Դուն՝ ձգած տաքուկ անկողինդ, քաջաբար կը դիմադրես Ատրպէյճանցիներուն, որպէսզի Արցախի ծերունիները հանգստօրէն քնանան ու երեխաները ազատօրէն խաղան:
Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ծնողքիդ, որովհետեւ քեզ նման քաջ ու նուիրեալ զաւակ ծնած եւ դաստիարակած են: Համբերութիւն կը յայտնեմ մօրդ ու հօրդ, եւ կը վստահեցնեմ իրենց, որ դուն արդէն մեծ հերոս մըն ես մեր ժողովուրդին համար: Քու եւ զինակիցներուդ ծնողները հպարտ են ձեզմով, ինչպէս նաեւ ես եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը: Կը խոնարհինք ձեր եւ ձեր մայրերուն առջեւ…
Անհուն երախտագիտութիւն կ՛ուզեմ յայտնել քեզի՝ քու անվախութեան եւ խիզախութեան համար: Փառք ու պատիւ քեզ եւ քեզի նման բոլոր ներկայ հայ զինուորներուն եւ անցեալի մեր ֆետայիներուն: Դուն աներկբայ պատերազմի դաշտ կ՛երթաս եւ մեր փոքր, բայց հզօր ու սուրբ հայրենիքը կը պաշպանես. հաւասար ես ժամանակակից ֆետայիի պատիւին: Առանց քեզ՝ նման հայրենասէր զինուորի, դժուար է պաշտպանել մեր թանկագին Արցախը՝ Շուշի՛ն, Ստեփանակե՛րտը, յաւերժ Գետաշէ՛նը:
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում
հաճիք, մէկը այս խանդավառ աղջնակին լուր թող տայ որ Գետաշէ՛նը պաշտպանելու հնարաւորութիւն չկայ, քանզի ան թուրքերու ձեռքն է