yerakouyn. Այսօր, Երկուշաբթի 25 Ապրիլ 2016-ին, «չափաւոր» կոչուած զինեալ ահաբեկչական ընդդիմութեան կողմէ, Հալէպի զանազան շրջաններու մէջ բուռն հրթիռակոծումներ տեղի ունեցան, յատկապէս Սիւլէյմանիէի MTN ընկերութեան շրջակայքը, կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի ֆէյսպուքեան էջը:
Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն կան մարդկային եւ նիւթական ահաւոր վնասներ: Առ այժմ արձանագրուած են 3 ՀԱՅ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ ԵՒ 2 ԶՈՀ, սակայն տակաւին յայտնի չէ անոնց ինքնութիւնը:
Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամավորներէն Ժիրայր Րէիսեան Facebook-ի իր էջին մէջ տեղադրած է Հալէպի տարածքին ինկած հրթիռին լուսանկարը, որուն վրայ գրուած է «Շահիտ Էնվեր փաշա»: