Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով լիբանանեան գրաւոր թէ բանաւոր մամուլն ու լսողատեսողական լրատուամիջոցները լայնօրէն արձագանգեցին զանազան ձեռնարկներուն եւ ոգեկոչական հաւաքներուն` լրատուութեամբ, հարցազրոյցներով, յօդուածներով թէ մեկնաբանական տեսութիւններով:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան «Էլ. Պի. Սի.» կայանին իր կատարած յայտարարութեամբ յիշեցուց, թէ ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս ձեռնարկները կը կրկնուին ամէն տարի, ապրիլ 24-ի օրը կ՛ոգեկոչենք եւ կը ծրագրենք մեր յառաջիկայի քայլերը: Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին առջեւէն հաղորդավար Սուպհիէ Նաժժար, ըստ որուն 10 հազար հայեր համախմբուած էին ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը, հարց տուաւ Կիտանեանին, թէ ի՞նչ է պատգամը այս ձեռնարկին: Կիտանեան պատասխանեց, թէ ապրիլ 24-ը յատուկ օր է Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման համար, եւ հայ քաղաքական կուսակցութեանց եւ այլ պատկան մարմիններու նպատակն է ամէնօրեայ ձեռնարկներու կողքին նաեւ ապրիլ 24-ին համայն աշխարհի մէջ Թուրքիայէն պահանջել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու մեր բարոյական թէ նիւթական արդար իրաւունքներու հատուցումը, ինչպէս նաեւ մեր խլուած հողերուն վերադարձը:
Նմանապէս, ձայնասփիւռի «Մատա» կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ Աւետիս Կիտանեան վերյիշեցուց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով շատ մը երկիրներ ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս տարի եւս մենք կը շարունակենք մեր պահանջատիրական քայլերը, որպէսզի պատրաստ ըլլանք դիմակալելու միջազգային ատեաններու թէ հարթակներու վրայ որեւէ զարգացման, որ կրնայ նպաստել մեր դատի ճանաչման:
Իսկ պատկերասփիւռի «Էմ.Թի.Վի.» կայանը շաբաթ, 23 ապրիլի կէս գիշերուան լուրերուն ընթացքին պատմական ակնարկով անդրադարձաւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը կանխած համիտեան եւ իթթիհատական Թուրքիոյ գործած սպանդներուն` Ատանայի, Սասունի թէ Սեբաստիոյ մէջ: Լրագրողը ապա թուեց Թալէաթի ծրագրած ու գործադրել տուած դժոխային ծրագիրը` զուգահեռ մը գծելով Հայոց ցեղասպանութեան եւ ներկայիս նշեալ շրջաններուն մէջ պատահող ջարդերուն միջեւ: «Արարատին հասնելու տեսլականով աշխարհասփիւռ հայեր կը շարունակեն իրենց պայքարը», եզրափակեց ան:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ազդակ»-ի կայքում