Պաշտօնեաներու եւ անոնց հովանաւորութեան շնորհիւ հարստութիւն դիզողներու հանդէպ վերաբերմունքը բոլորովին կրնայ տարբեր ըլլալ այժմ, եւ արդէն իսկ այդ տարբերութիւնը զգալիօրէն սուր բնոյթ կը ստանայ, որովհետեւ հանրութեան մօտ կը ձեւաւորուի այն համոզումը, թէ այդ չարաշահումներուն ճամբով կուտակուած հարստութիւնը եղած է ի հաշիւ բանակին, անոր զէնքերուն, անոր թիկունքային հնարաւորութիւններուն:
Հարցը ոչ միայն թափուած արիւնն է, այլեւ՝ բանակցութեանց ճամբով Հայաստանի վրայ սպասուող ճնշումները… Արցախին հողային տարածքներ զիջելու պարտադրանքները կը նկատուին վարչախումբի փտածութեան շնորհիւ թշնամիին ընձեռուած կարելիութիւն:
Հասարակական այս հզօրացող տրամադրութեան հակազդելու նպատակով իշխանութեան գլուխ կանգնած պաշտօնեաներուն ձեռնարկած բացատրական աշխատանքը բաւակա՛ն թոյլ է եւ անհամոզիչ:
Նախ՝ զէնքի ու զինավառութեան հարցով նախագահին կողմէ նետուած «80ական տարիներու» միջոցներով պատերազմելու ռումբը կարելի չէ չէզոքացնել պաշտպանութեան նախարարութեան նոյնիսկ ամէնէն բարձր դիրքը գրաւողներու բացատրութեամբ: Բանակի կամ պետական միջոցներու ուղղակի կամ անուղղակի չարաշահումներով հարստացողներու պարագան «արդարացնելու» կամ թաքցնելու փորձերը աւելի՛ եւս ձախաւեր կերպով կը կատարուին (այլ կերպ կարելի չէ պատկերացնել), երբ, օրինակ, վարչապետին բերանով «օրինականօրէն» հարստացողները թիրախ չդարձնելու յորդոր կը հնչէ: Ո՜վ է, որ օրինաւոր հարստացողը կը դատապարտէ: Ո՛չ ոք… Դատապարտումի խօսքերն ու մեղադրանքները մի՛շտ ալ ուղղուած են ճիշդ հասցէի՝ պետական միջոցներով ու անոնց չարաշահումով հարստացողներուն, որոնց հանդէպ հանդուրժողութեան գաւաթը կրնայ յորդիլ որեւէ՛ պահու։
Կարդացեք նաև
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում