Ապրիլեան պատերազմէն անցած է արդէն իսկ երկու շաբաթ, բայց ժողովուրդը նոյն թափով կը շարունակէ քննարկել պատերազմի հետեւանքներն ու դասերը։ Քննարկուող նիւթերը կը կեդրոնանան հետեւեալ թեմաներուն շուրջ. ի՞նչ պատճառով քառօրեայ պատերազմին նահատակուեցան շուրջ 90 զինուորներ, ինչո՞ւ հայկական բանակի զէնքերը աւելի հին են, քան՝ Ատրպէյճանինը, իսկ հայկական բանակի սպառազինութիւնն ու ինքնապաշտպանութեան հնարաւորութիւնները շա՛տ աւելի հզօր եւ ազդու պիտի չըլլայի՞ն, եթէ ներքին փտախտն ու պիւտճէի մսխումները վերջ գտած ըլլային, ու երկիրը ունենար ճիշդ կառավարում…
Թէ՛ բանակի հրամանատարութիւնը, եւ թէ իշխանական Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարները սկսած են անդրադառնալու այս հարցերուն։ Այստեղ կարելի չէ գնահատանքի խօսքեր չըսել բանակի հրամանատարութեան հասցէին, որ կարծէք անպաշտօն երկխօսութեան մտած է ժողովուրդին հետ եւ կը փորձէ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ անդրադառնալ բարձրացուած բոլոր մտահոգութիւններուն ու խնդիրներուն։
Պատերազմի առաջին իսկ օրէն, Հայաստանի պաշտպանութեան բանակի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան Դիմատետրի իր գրառումներով եւ մամլոյ յայտարարութիւններով ո՛չ թէ ամէնօրեայ, այլ ամէնժամեայ դրութեամբ Հայաստանի հանրութիւնը տեղեակ պահեց ճակատներու իրավիճակին, զոհերու պատկերին եւ պատերազմի այլ մանրամասնութիւններուն մասին։
Իսկ հրադադարէն ետք, երբ ժողովուրդը բարձրացուց բանակի սպառազինութեան եւ բացթողումներուն մասին բազմաթիւ մտահոգութիւններ, պաշտպանութեան նախարարը եւ այլ բարձրաստիճան զինուորականներ, մամուլի ներկայացուցիչներու հետ այլազան հանդիպումներու ընթացքին, մանրամասն բացատրութիւններով ու լուսաբանութիւններով անդրադարձան ժողովուրդը յուզող բոլոր խնդիրներուն եւ առանց վրդովելու պատասխանեցին լրագրողներու ամէնէն կծու, ամէնէն նեղացուցիչ եւ ամէնէն զգայուն հարցադրումներուն։
Կարդացեք նաև
Անոնք նաեւ շեշտեցին, թէ այս պատերազմը առիթ պիտի հանդիսանայ համապարփակ ուսումնասիրութիւններով վերլուծելու հայկական բանակի առաւելութիւնները, բոլոր թերութիւններն ու բացթողումները, եւ համապատասխան քայլերով լուծումներ գտնելու անոնց։ Բանակի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան, հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին անդրադառնալով հանրութեան արտայայտած մտահոգութիւններուն՝ «բնական» համարեց զանոնք, քանի որ Հայաստանը ունի «ազատ հասարակութիւն»։
Սա ո՛չ միայն ողջունելի է, այլեւ ցոյց կու տայ Զինուած Ուժերուն կայացած ըլլալու իրողութիւնը, ինքնավստահութիւնը եւ հասունութիւնը։ Կարելի է համաձայնիլ կամ տարակարծիք ըլլալ բանակի հրամանատարներու բացատրութիւններուն հետ, բայց կարելի չէ անտեսել այն փաստը, որ հասարակութեան հետ անոնց նախաձեռնած երկխօսութիւնը միայն կ՛աւելցնէ Զինուած Ուժերուն հանդէպ ժողովուրդի յարգանքն ու վստահութիւնը։ Եւ պատահական չէ, որ բանակէն աւելի՝ ժողովրդային դժգոհութիւնը կը վերաբերի քաղաքական ղեկավարութեա՛ն եւ անոր շուրջ համախմբուած միլիոնատէրներու խմբակին։
Րաֆֆի Տուտագլեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում