Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ Ապրիլ 16-ին պաշտօնական այցով մեկնած էր Պէյրութ: Ի թիւս բազմաթիւ հիւրերու` ներկայ եղած են նաեւ Սոնա Ադամեանը եւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի եւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ, Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռընէ Լեւոնեանը: Այս մասին, ըստ yerakouyn.com-ի կը հաղորդէ Armenews.com-ը։
Ելոյթէն ետք Ֆրանսուա Օլանտին մօտեցած են հիւրերը եւ ողջունած: Առիթէն օգտուելով՝ Ռընէ Լեւոնեան եւս մօտեցած է Ֆրանսուա Օլանտին եւ ներկայացուցած իր երկու մտահոգութիւնները, առաջինը` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ, իսկ երկրորդը` Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակին:
Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդը Ֆրանսայի նախագահին ըսած է, որ իրենք անհանգստացած են Արցախի սահմաններուն Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած սադրիչ գործողութիւններով եւ աւելցուցած, որ այս հարցին միակ եւ լաւագոյն լուծումը ԼՂՀ-ի անկախութեան ճանաչումն է: