Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հնգօրեայ Պատերազմ(ները) Եւ Զէնքի Վաճառականը. «Ասպարեզ»

Ապրիլ 19,2016 08:35

Պարզ զուգադիպութեամբ Կովկասի մէջ ռազմական լայնածաւալ բախումներու երկու իրադարձութիւնները, Վրաստան-Ռուսիա 2008 եւ Ապրիլի առաջին շաբթուան ընթացքին՝ Արցախի արեւելեան ճակատի երկայնքին, որոնք իրաւամբ յատկանշուեցան որպէս «պատերազմ», տեւեցին հինգ օր եւ արդէն ծանօթ են որպէս հնգօրեայ պատերազմներ: Առաջին պարագային, սակայն, Կովկասեան տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական կացութիւնը փոխուեցաւ:

Վրաստանի այն ժամանակուան նախագահ Սահակաշվիլիի արկածախնդրութիւնը, որուն դրդապատճառներու յետին ծալքերը այնպէս ալ դեռեւս յստակ չեն, սուղ նստաւ երկրին վրայ. Հարաւային Օսեթիայի ուղղութեամբ սկսած վրացական յարձակողանը շատ արագ կասեցուեցաւ ռուսական ուժերուն կողմէ, որոնք հակայարձակողականի անցնելով մտան վրացական հողատարածք եւ յառաջացան Թբիլիսիի ուղղութեամբ:

Թէ ի՞նչ ուժեր այն ատեն Սահակաշվիլիին վստահեցուցած էին, թէ Մոսկուային մարտահրաւէր ուղղելու պարագային պիտի ունենար Արեւմուտքի նեցուկը, ծանօթ չէ, յաջորդ օրերու իրադարձութիւնները եկան ցոյց տալու, որ օրին Ճորճ Պուշի վարչակարգին մէջ ջղագրգռութիւն կար, ինչ որ նշան էր շատ աւելի անզօրութեան եւ հակազդեցութեան այլընտրանքներու անորոշութեան:

Եւրոպական Միութիւնը, սակայն, օրուան նախագահ Սարքոզիի ակտիւ միջամտութեամբ յստակ դարձուց, որ կը բացառէ Ռուսիոյ հետ առճակատման երթալու որեւէ ռիսք: Մոսկուա, իր կարգին, հնգօրեայ պատերազմի իր կայծակնային յաղթանակը շատ շուտով քաղաքական ձեռքբերումի վերածեց. Մետվետեւ-Փութին կառավարութիւնը ի լուր աշխարհի ցոյց տուաւ տարածաշրջանին մէջ իր տիրակալութիւնը, յստակացուց ՆԱԹՕի յառաջընթացի «կարմիր գիծեր»ը եւ առիթ չկորսնցուց Միացեալ Նահանգներու եւ իր եւրոպացի կարգ մը դաշնակիցներու միակողմանի կերպով նոյն տարուան Փետրուարին Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման պատասխանը տալու՝ իր կողմէ միակողմանիօրէն ճանչնալով Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնները:

Թէ որքանո՞վ Մոսկուա անուղղակիօրէն կը փափաքէր այս անհրաժեշտ եւ հաշուարկուած ռիսքով կարճ պատերազմը եւ հետեւաբար անոր մղիչ ուժն էր, ինչպէս սադրանքային տրամաբանութեան ամաթէօրները պիտի պնդեն, քննարկելի հարց է: Յստակ է, որ Մոսկուա պատրաստ էր արագօրէն դիմագրաւելու վրացական յարձակում մը, որովհետեւ իր ուժերը արդէն կուտակած էր ճակատին վրայ եւ ձախողուց այն, ինչ կը թուէր ըլլալ վրացական ռազմավարութիւնը՝ զինուորական յառաջխաղացքը շարունակել առնուազն քառասունութ ժամեր, որոնց ընթացքին կացութիւն կը փոխուէր տարածաշրջանին մէջ, եւ Թբիլիսի տարբեր դիրքերէ կրնար բանակցիլ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիայի հարցերով: Մէկ խօսքով, Կովկասի առաջին հնգօրեայ պատերազմին Ռուսիա դերակատար էր:

Արցախի արեւելեան ճակատի երկայնքին ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումը տարբեր գնահատանքի արժանացաւ Մոսկուայի կողմէ, եթէ հետեւինք Մետվետեւի հրապարակային յայտարարութիւններուն: Կացութեան փոփոխութեան հարց չկայ հոս, որովհետեւ որքան ալ ծանրակշիռ եւ ահազանգային եղաւ զինադադարէն ի վեր աննախընթաց այս ռազմական բախումը, Կովկասի երկրորդ հնգօրեայ պատերազմը, ի վերջոյ, նոյն սթաթուս քուօն է:

Յառաջապահ դիրքերու իրավիճակի մանրամասնութիւնները, որքան ալ զինուորական իմաստով կարեւորուին, թէ երկուստեք զոհերու քանակը վերջին հաշուով քաղաքական գնահատանք պիտի ստանայ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ՝ երկու կողմերուն առաջ տարած յարաբերական եւ քարոզչական աշխատանքներուն արդիւնքով:

Այլ խօսքով՝ հնգօրեայ պատերազմին շարունակութիւնը պիտի ըլլայ արդէն սկսած քաղաքական պայքարը: Պատերազմի մասին իր հանրածանօթ ուսումնասիրութեան մէջ պրուսիացի զինուորական Գլաուսեւից պատերազմը բանաձեւած է որպէս քաղաքականութեան շարունակութիւն: Արցախեան պատերազմը այն պարագաներէն է, որ Գլաուսեվիցի բանաձեւումը պէտք է ընկալուի հակառակ իմաստով. քաղաքականութիւնը դեռ չաւարտած պատերազմի շարունակութիւնն է:

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հրապարակումն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930