Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցաւ թրքական արտադրութիւններու դէմ արշաւ մը` Պուրճ Համուտի Արաքս եւ Մարաշ թաղերուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
Արշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի տարբեր շրջաններու մասնաճիւղերէն ընկերներ, որոնք խումբերու բաժնուելով պաստառներ ցուցադրեցին վերոյիշեալ փողոցներուն վրայ:
Որոշ հեռաւորութիւններու վրայ զետեղուեցան ձայնի սարքաւորումներ, որոնք Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ սփռեցին ազգային եւ յեղափոխական երգեր, նոյն միջոցին ԼԵՄ-ականներէ բաղկացած այլ խումբ մը շրջեցաւ շրջանին խանութները եւ կոչեր ու «սթիքըր»-ներ բաժնելով իր մտահոգութիւնը յայտնեց հայ վաճառականներուն` թրքական արտադրութիւններ քաջալերելու գծով:
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում