Yerakouyn.com. Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու դատական բարձրագոյն յանձնախումբը հրապարակեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով ընտրուած 250 երեսփոխաններուն անունները։
Ընտրութեան մասնակցած են քուէարկութեան իրաւունք ունեցող Սուրիոյ բնակչութեան 57.56 առ հարիւրը։
Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցան երկու սուրիահայեր՝ Հալէպէն ազգի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան եւ Դամասկոսէն ազատ թեկնածու դոկտ. Նորա Արիսեան։