Կարծես մեզ պատած է ամօթխածութիւն մը, որ կը խանգարէ հանուր ազգին յայտարարել, թէ կը դիմագրաւենք ճգնաժամային կացութիւն, ինչի համար պէտք է արտակարգ միջոցներու դիմենք, իսկ եթէ չունինք այդ միջոցները, փորձե՛նք, կը ներէք՝ ո՛չ, աշխատի՛նք ստեղծել:
Անմիջական կարիքներու համար անմիջական հանգանակային արշաւներ կը կատարենք: Այդպէս է մեր սովորութիւնը, այդպէս եղած է միշտ, եւ եթէ մեր մտածելակերպը ու գործելաոճը չփոխենք, ապա նոյն ձեւով ալ պիտի շարունակենք աշխատիլ՝ առանց երկար ժամկէտի համար, հետագայ նոյնօրինակ կամ նոյնիսկ աւելի՛ ծանր սպառնալիքներ դիմագրաւելու համար ծրագիր ունենալու, մշակելու եւ անոր իրագործման ձեռնարկելու:
Անմիջական կարիքներու արշաւը սկսած է, սակայն ցարդ արդիւնքները այնքա՛ն ալ սրտապնդիչ չեն թուիր ըլլալ: Հաւանաբար, տակաւին մեր կառոյցներն ու լայն հանրութիւնը ժամանակի կարիքը ունին անդրադառնալու, թէ ի՛նչ տարողութեամբ խնդիրներ կը դիմագրաւենք. անոնց շարքին՝
ա.- Նահատակ եւ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն անմիջական եւ երկարատեւ ապահովում երաշխաւորել.
Կարդացեք նաև
բ.- Հայոց Բանակի սպառազինութեան բացերը փակել.
Թէ ինչպէ՞ս դուրս պիտի գանք այս երկու անմիջական հարցերը լուծելու պարտաւորութենէն՝ ժամանակը ցոյց պիտի տայ: Պէտք է գիտակցինք, սակայն, թէ այս պարագային ձախողութիւն կամ կիսատ-պռատ արդիւնքներ ընդունելի չե՛ն, պէտք է բացառուի՛ն: Յաջողութիւն ապահովելու համար, այս հանգանակային արշաւին գլուխը ամէն ուր պէտք է կանգնին այդ գործին ատակ, հեղինակութիւն եւ օրինականութիւն ունեցող գործիչներ, ազգայիններ:
Երկարաժամկէտ ծրագիրները եւս հրապարակելու, անոնց գործադրութեան հիմքերը բացատրելու ամէնէն յարմար պահն է ասիկա: Կարելի է մտածել անձեռնմխելի հիմնադրամի մը մասին, որ շարունակ պէտք է մեծնայ եւ միայն ու միայն ծանրագոյն ճգնաժամի պահուն օգտագործուի: Այս հիմնադրամը պէտք է կայանայ եւ ուռճանայ՝ հասնելու համար այնպիսի աստիճանի, որ կարենայ վճռակա՛ն բարեփոխում իրագործել վիճակին մէջ:
Այսպիսի հիմնադրամ ունենալու մասին խօսած ենք, երազած ենք, իսկ հիմա՝ եկէք գործադրե՛նք:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ԱՄՆ-ի «Ասպարեզ» օրաթերթ