Երեքշաբթի Ապրիլ 12-ին, Շուէտական խորհրդարանի կից Սթոքհոլմի մէջ, Շուէտահայութիւնը իր բազմաթիւ հայրենակիցներու հետ կատարեց զօրակցական ցոյց մը ընդէմ Ատրպէյճանական վերջի նախայարձակումին, որուն պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը դիմագրաուեց նորանոր մարտահրաւէրներ:
Շուէտի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կառոյցն ու Շուէտի Հայկական Ընկերակցական Միութեան համադրող մարմինի (Armeniska riksförbundet i Sverige)հետ միասին համագործակցական ցոյցը տեղի ունեցաւ Շուէտի հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնը գրաւող Mynttorget հրապարակի մէջ։ Այս մասին Խուէտէն ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ Սարգիս Տէգիրմէնճեանը։
Ցոյցի նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ Արցախի անվտանգութեան երաշխիքով եւ յարգել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սեփական ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը:Ցոյցին ներկայ մասնակցած են նաեւ մէկ տասնեակ ասորիներ։
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում