Եթէ այս օրերուն հետեւիք համացանցի վրայ արծարծուող նիւթերուն, անմիջապէս պիտի անդրադառնաք, որ բոլոր այս մեղադրանքները ուղղուած են իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Ընկերային ցանցերու վրայ կ՛երեւին նախարարներու կամ իշխանութեան բուրգին գագաթը գտնուող մերձաւոր մարդոց միլիոններ արժող ապարանքները՝ Երեւանի եւ եւրոպական այլ քաղաքներու մէջ, կը խօսուի անոնց «օֆշորային» հաշիւներուն, կուտակած միլիառներուն մասին եւ ի վերջոյ՝ կը տրուի նոյն հարցը. «, ո՞նց էք կուտակել»։
Հայրենիքի պաշտպանութեան համար հայ քաջարի զինուորը ըրաւ ամէն ինչ, նոյնիսկ՝ անհնարինը, եւ արժանի հակահարուած հասցուց ռուսական, թրքական եւ իսրայէլեան գերարդիական զէնքերով զինուած ատրպէյճանական բանակին։ Իսկ ժողովուրդը ինքնակամ ու ինքնաբուխ՝ մէկ բռունցք դարձաւ ու կանգնեցաւ հայ զինուորին կողքին, եւ հիմա արդէն կը պահանջէ, որ յանուն հայկական բանակի հզօրացման, յանուն հայրենիքի զարգացման, յանուն հայրենիքի գոյութեան՝ այլեւս ի սպառ վերջ դրուի կոռուպցիային, զեղծարարութիւններուն, անարդարութեան, թալանին ու հայրենի հարստութեան կողոպուտին։
Քանի դեռ ուշ չէ, ժողովրդային այս պահանջին տէր պէտք է կանգնինք բոլո՛րս՝ քաղաքական բոլո՛ր ուժերը, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները, հայրենիքի ճակատագիրով մտահոգ իւրաքանչիւր հայորդի՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր հարթակներուն վրայ։ Այս պատերազմը ինքնամաքրուելու, զգաստանալու առիթ կ՛ընձեռէ Հայաստանի այսպէս կոչուած վերնախաւին։ Ինչպէս Արմէն Ռուստամեան կը նշէ. «Հայրենիքը բոլորի համար մէ՛կն է… Այս ամէնը լուրջ դեռ է խաղալու, որ լուրջ վերանայումներ կատարուեն մեր ընթացքի մէջ՝ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին»։
Րաֆֆի Տուտագլեան
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում