Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

Ղարաբաղի մէջ կարելին ու անկարելին

Ապրիլ 12,2016 15:55

«Ակօս»-ին մէջ կը կարդանք.

Հայաս­տան-Ատրպէյ­ճան բա­խումնե­րը ան­շուշտ որ ու­­նին իւ­­րա­­­յատուկ գոր­­ծօններ։ Սա­­կայն այս հա­­կամար­­տութիւ­­նը պէտք է դի­­տել որպէս աշ­­խարհի որոշ մէկ հա­­տուա­­ծին մէջ պա­­տերազ­­մի վե­­րածուող, ՏԱԻՇ-ի նման կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու մի­­ջոցաւ ալ ժա­­մանակն ու վայ­­րը ան­­յայտ դար­­ձած նոր աշ­­խարհա­­մար­­տի մը ճա­­կատ­­նե­­­րէն մէ­­կը։

Դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով հա­­կամար­­տութիւ­­նը բնու­­թագրե­­լու ժա­­մանակ «Ղա­­րաբա­­ղի» տեղ Հա­­յաս­­տա­­­նը կը յի­­շեմ։ Վեր­­ջա­­­պէս 1989-ի բա­­խումնե­­րու ժա­­մանակ եւ այ­­սօր Հա­­յաս­­տան ամ­­բողջո­­վին ներգրա­­ւուած է այս հա­­կամար­­­տութեան։ Կռիւ­­­նե­­­­­­­րը չեն սահ­­­մա­­­­­­­նուած Ղա­­­րաբա­­­ղով եւ թա­­­փան­­­ցած են Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հիւ­­­սիս Արե­­­ւելեան սահ­­­մաննե­­­րուն։

1994-ի զի­­­նադա­­­դարէն ետք Ղա­­­րաբա­­­ղի սահ­­­մա­­­­­­­նին վրայ խախ­­­տումներ միշտ պա­­­տահած են։

Նա­­­խորդ տա­­­րի դի­­­պու­­­կա­­­­­­­հար­­­նե­­­­­­­րու փո­­­խադարձ կրա­­­կոցով զո­­­հուած զի­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րը սո­­­վորա­­­կան երե­­­ւոյթ էին։

Վեր­­­ջին բա­­­խումնե­­­րը այդ նախորդնե­­­րէն դուրս են թէ իրենց տա­­­րողու­­­թիւնով եւ թէ բնոյ­­­թով։ Այս ան­­­գամ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նական բա­­­նակը կարգ մը տա­­­րածքնե­­­րու վե­­­րատի­­­րանա­­­լու հա­­­մար դի­­­մած է զի­­­նուո­­­րական գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թեան։

Այս զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րուն տե­­­ղի տուող բազ­­­մա­­­­­­­թիւ գոր­­­ծօններ կան։ Մի­­­ջին Արե­­­ւել­­­քի, Ուքրա­­­նիոյ եւ կարգ մը ափ­­­րի­­­­­­­կեան եր­­­կիրնե­­­րու մէջ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուող պա­­­տերազմնե­­­րը, գա­­­ղու­­­թա­­­­­­­տիրա­­­կան գե­­­րար­­­դիական բա­­­ժան­­­ման մը ճա­­­կատ­­­նե­­­­­­­րն են։ Այս իրո­­­ղու­­­թիւնը յա­­­ճախ կը քօ­­­ղար­­­կուի «ներ­­­քին պա­­­տերազմ» կամ «ազ­­­գա­­­­­­­միջեան պա­­­տերազմ» երե­­­ւոյ­­­թով։

Արեւ­­­մուտքը, ՆԱ­­­ԹՕ-ի գլխա­­­ւորու­­­թեամբ կը փոր­­­ձէ տկա­­­րաց­­­նել Ռու­­­սաստա­­­նը եւ անոր դաշ­­­նա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րը։ ԱՄՆ Արե­­­ւելեան Եւ­­­րո­­­­­­­պայի եւ Պալ­­­թեան եր­­­կիրնե­­­րու մէջ օր ըստ օրէ կ՚աւելցնէ իր զի­­­նուո­­­րական ներկայութիւնը։ Միւս կող­­­մէ ՆԱ­­­ԹՕ-ի թե­­­ւերուն տակ Վրաս­­­տան դար­­­ձեալ բա­­­նավէ­­­ճի նիւթ կը դարձնէ Ապ­­­խա­­­­­­­զիոյ եւ Հա­­­րաւա­­­յին Օսէ­­­թիոյ խնդի­­­րը։

Սա­­­կայն հիմ­­­նա­­­­­­­կան գոր­­­ծօ­­­­­­­նը կը կա­­­յանայ Սու­­­րիոյ պա­­­տերազ­­­մին Ռու­­­սիոյ մի­­­ջամ­­­տութե­­­նէն ետք, Էր­­­տո­­­­­­­ղանի եւ իր դաշ­­­նա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րուն, մա­­­նաւանդ ռու­­­սա­­­­­­­կան ռազ­­­մա­­­­­­­կան օդա­­­նաւի խոր­­­տա­­­­­­­կու­­­մէն ետք, հետզհե­­­տէ տու­­­ժող դիր­­­քի մատ­­­նուելուն։

Ռու­­­սաստան Թուրքիոյ հետ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու սրուելէն ետք նոր զէն­­­քե­­­­­­­րով ամ­­­րա­­­­­­­ցուց Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ գտնուած իր զի­­­նուո­­­րական խա­­­րիսխնե­­­րը։

Իսկ Թուրքիա, Ալիեւի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը իբ­­­րեւ միջ­­­նորդ կամ պա­­­հան­­­ջեալ հար­­­կին դաշ­­­նա­­­­­­­կից ուժ ըլ­­­լա­­­­­­­լով շա­­­հագոր­­­ծել փոր­­­ձեց Փու­­­թի­­­­­­­նի դէմ։

Կրնանք խոր­­­հիլ որ վեր­­­ջին բա­­­խումնե­­­րուն մէջ կա­­­րեւոր դեր ու­­­նե­­­­­­­ցած է Էր­­­տո­­­­­­­ղանի Սու­­­րիոյ մէջ պար­­­տութեան չհան­­­դուրժող կե­­­ցուած­­­քը։ ԱՄՆ-ի մէջ ԱՍԱ­­­ԼԱ-ն անի­­­մաստ կեր­­­պով թշնա­­­մինե­­­րուն մէջ նշե­­­լը կամ ետ­­­դարձի ճամ­­­բուն ըրած յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւննե­­­րը ու­­­րիշ բա­­­ցատ­­­րութիւն չու­­­նին։ ԵՄ, ՌԴ, Պարսկաս­­­տան, երբ հրա­­­դադա­­­րի կոչ կ՚ուղղէին կող­­­մե­­­­­­­րուն, Էր­­­տո­­­­­­­ղան յա­­­ջողու­­­թիւն կը մաղ­­­թէր Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նին։

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մա­­­մու­­­լին մէջ յա­­­ճախ կ՚ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գուի թուրքիացի վարձկան զի­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րուն եւ սպա­­­ներուն առ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը, որոնք կը մար­­­զեն Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի զի­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րը։ Չենք գի­­­տեր թէ այս պնդու­­­մը որ­­­քան ճիշդ է, բայց յի­­­շողու­­­թիւննե­­­րու մէջ է նա­­­խորդ տա­­­րի Թուրքիոյ սպա­­­յակոյ­­­տի յա­­­տուկ ստո­­­րաբա­­­ժան­­­ման հրա­­­մանա­­­տար Զէ­­­քայի Աք­­­սա­­­­­­­քալ­­­լըի Ատրպէյ­­­ճան-Ղա­­­րաբաղ սահ­­­մա­­­­­­­նի վրայ ձեռ­­­քը հրա­­­ցանով յայտնուած նկա­­­րը։

Սխալ կ՚ըլ­­­լայ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րուն լոկ Էր­­­տո­­­­­­­ղանի գրգռու­­­թիւնով այս բա­­­խումնե­­­րը իրա­­­կանաց­­­նէր։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Ալիեւ բա­­­զում խնդիր­­­ներ ու­­­նի, որոնք պի­­­տի ու­­­զէ Ղա­­­րաբա­­­ղեան խնդի­­­րով քօ­­­ղար­­­կել։ Առա­­­ջինը տնտե­­­սական ճգնա­­­ժամն է։ Նա­­­խորդ տա­­­րի քա­­­րիւ­­­ղի գի­­­ներուն նուազիլը միակ եկա­­­մու­­­տը նաֆ­­­թա­­­­­­­հանու­­­թիւն եղող երկրին մէջ մա­­­նաթի ար­­­ժեզրկման պատ­­­ճառ դար­­­ձած էր։ Այսպէ­­­սով աճած էր թշուառու­­­թիւնը եւ գոր­­­ծազրկու­­­թիւնը։

Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի խնդիր­­­նե­­­­­­­րէն մէկն ալ ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թիւնն է։ Նո­­­յեմ­­­բեր 2015-ին կա­­­յացած ընտրու­­­թիւնը պոյ­­­քո­­­­­­­թի են­­­թարկուած էր ընդդի­­­մադիր բո­­­լոր կու­­­սակցու­­­թիւննե­­­րու կող­­­մէ։ Եւ­­­րո­­­­­­­պայի Անվտան­­­գութեան եւ Հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թեան Կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւ­­­նը (ԵԱՀԿ) տես­­­նե­­­­­­­լով «ազատ ու ար­­­դար» ընտրու­­­թեան մը ան­­­կա­­­­­­­րելիու­­­թիւնը, նոյ­­­նիսկ հրա­­­ժարած էր դի­­­տորդներ ու­­­ղարկե­­­լէ։

Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի մէջ մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու պաշտպան­­­նե­­­­­­­րը ճնշումնե­­­րու կ՚են­­­թարկուին եւ յա­­­ճախ բան­­­տարկու­­­թիւնով կը պատ­­­ժուին։

Ու­­­րեմն պարզ է որ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կելու հա­­­մար Ալիեւի վարչութեան ձեռնտու շա­­­հագործման մի­­­ջոց­­­ներն են ազ­­­գայնա­­­կանու­­­թիւնը եւ Ղա­­­րաբա­­­ղի խնդի­­­րը։

Նշեմ որ վե­­­րեւ յի­­­շուած տնտե­­­սական, ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թեան եւ ազ­­­գայնա­­­կանու­­­թեան վե­­­րաբե­­­րեալ են­­­թա­­­­­­­խորա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րը ի զօ­­­րու են նաեւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հա­­­մար։

Լու­­­ծում կա­­­րելի՞ է

Եթէ լու­­­ծում ըսե­­­լով կ՚ակ­­­նարկենք զի­­­նադա­­­դարին եւ դի­­­ւանա­­­գիտա­­­կան շփումնե­­­րուն, ան­­­շուշտ որ կա­­­րելի է։ Սոյն ամ­­­սու վեր­­­ջա­­­­­­­ւորու­­­թեան տա­­­րած­­­աշրջան այ­­­ցե­­­­­­­լել ծրագ­­­րող ՄԱԿ-ի ընդհա­­­նուր քար­­­տուղար Պան Քի Մուն կրնայ իր այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւնը աւե­­­լի կա­­­նուխ կա­­­տարել։

Բայց հիմ­­նա­­­կան պար­­տա­­­կանու­­թիւնը կը վի­­ճակի Ղա­­րաբա­­ղի հիմ­­նախնդի­­րը լու­­ծե­­­լու հա­­մար պաշ­­տօ­­­նի կո­­չուած ԵԱՀԿ-ի Մինսկեան խմբա­­կին։ Սա­­կայն տես­­նե­­­լով այս վեր­­ջի­­­նիս 1992-էն այս կողմ կա­­րեւոր յա­­ջողու­­թիւն մը չար­­ձա­­­նագ­­րե­­­լը, ակնկա­­լու­­թիւններն ալ կը նուազին։

Իսկ զի­­նադա­­դար ապա­­հովե­­լով հա­­կամար­­տութիւ­­նը կրնա՞յ դադիլ։ Բա­­ւական դժուար։ Դժուարաց­­նո­­­ղը գրու­­թեան սկզբին նշուած իրո­­ղու­­թիւններն են։ Աշ­­խարհ թէ իրաւ եւ թէ փո­­խաբե­­րական իմաս­­տով նոր ձե­­ւաչա­­փեր կը ստա­­նայ։ Գլո­­րող քա­­րերուն իրենց տե­­ղը հաս­­նի­­­լը տա­­կաւին ժա­­մանակ կը պա­­հան­­ջէ։

Կրնայ շատ երա­­զային թուիլ, բայց խա­­ղաղու­­թիւնը թէ ան­­խուսա­­փելի է եւ թէ կա­­րելի։ Պէտք է պայ­­քա­­­րինք սահ­­մաննե­­րը վե­­րաց­­նե­­­լու եւ դրա­­մապաշ­տութիւ­նը կոր­ծա­նելու հա­մար։ Հա­մամարդկա­յին դրօ­շակին վրայ գրե­լու ենք Մարքսի «Բո­լորէն կա­րողու­թեան չափ, բո­լորին կա­րիքին հա­մաձայն» վեր­տա­ռու­թիւնը։ Այս նպա­տակի այ­լընտրանքն է նէօլի­պէրալ հա­մակար­գի բնու­թիւնը եւ մարդկու­թիւնը ջախ­ջա­խելը։

ԱՅՔԱՆ ՍԵՒԷՐ,
Լրագ­րող, գրու­թիւնը առ­նուած է Պիանէթ համացանցային թերթէն:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930