Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց վարչապետարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
Հանդիպումը կը վերաբերէր Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանագօտիին վրայ 1-5 Ապրիլին, Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով ստեղծուած իրավիճակին:
Ներկայացուցիչները վարչապետ Սալամին փոխանցեցին տեղեկութիւններ Արցախի վերաբերող զինուորական եւ քաղաքական նորագոյն զարգացումներուն մասին: Շեշտեցին այս բոլորին մէջ Ատրպէյճանի նախայարձակ ըլլալու իրողութիւնը եւ պատերազմական գործողութիւններուն դիմելու մերժուած եղանակը` յայտնելով, որ հայկական կողմը կը մնայ ամուր իր համոզումին մէջ, թէ տագնապին լուծումը բացառապէս քաղաքական եւ խաղաղ բանակցային բնոյթ կրնայ ունենալ միայն: