Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մէկ բռունցք ենք Արցախի կողքին. «Ասպարեզ»

Ապրիլ 12,2016 08:15

Ապրիլի առաջին օրերուն, Արցախի դէմ ազերիական կանխամտածուած յարձակողականին միասնաբար հակազդելու հայութեան կամքը ելեկտրական հոսանքի պէս տարածուեցաւ դէպի Հայաստան եւ հայկական մօտակայ ու հեռաւոր օճախներ՝ բոլորս վերածելով մէկ բռունցքի, որ պատրաստ է կարելի բոլոր միջոցներով հակահարուած տալու ոճրածին նախայարձակին եւ կանգնելու Արցախի կողքին։

Բռունցքին կազմութեան հրաւէրը ծնաւ հայ զինուորին նահատակութենէն։ Ոեւէ մէկէն առաջ մենք՝ հայերս, ականատես եղանք արթուն ինքնապաշտպանութեան ու գերագոյնը զոհաբերելու մեր երիտասարդութեան նոր սխրանքներուն, որոնք նուիրագործուեցան նահատակութեամբ։ Լրատու աղբիւրներ շուտով հրապարակեցին զոհուած զինուորներուն անունները, ու մենք տեսանք, որ անոնցմէ շատեր մատղաշ երիտասարդներ են, ծնած են Արցախեան Շարժումի առաջին օրերուն կամ նոյնինքն պատերազմական այդ տարիներուն։ Կարելի չէ արագ անցնիլ այս սրտառուչ իրողութեան վրայէն, որովհետեւ մեր աչքերով կը տեսնենք, որ ուշ 80ականներուն եւ 90ականներուն, Արցախի ու հայրենիքի պաշտպանութեան համար ինկած նահատակները՝ Պետօները, Վարդանները, Մերուժանները, Շահէնները եւ անոնց ժամանակակից հոյլը վերընձիւղուած է այսօրուան բանակին մէջ։ Զարմանալի չէ, որովհետեւ Արցախեան պայքարի առաջին ճակատումներուն ինկած մեր նահատակները վերընձիւղումն էին Արաբօներու, Գէորգ Չաւուշներու, Նիկոլ Դումաններու, Աղբիւր Սերոբներու եւ ֆետայիներու ամբողջ փաղանգին, որուն բացած ուղին մեզ հասցուց Սարդարապատ, կտրեց տասնամեակներ ու յանգեցաւ Հայաստանի վերանկախացման ու պահանջատիրութեան երթի աշխուժացման։ Եւ ինչո՞ւ զարմանալ, երբ Հայաստանէն ու սփիւռքեան օճախներէ հայ երիտասարդներ պատրաստ են Արցախ փութալու եւ կանգնելու հայրենիքի պաշտպանութեան խրամատներուն մէջ…

Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, մեր յարանուանական, քաղաքական ու լրատուական ձայները միասնութեամբ ընդառաջեցին Արցախի կողքին կանգնելու մարտահրաւէրին, հպարտութեամբ լեցնելով իւրաքանչիւր հայու սիրտն ու հոգին։ Մեզ ելեկտրականացնող հոսանքը օր ըստ օրէ հզօրացող բռունցքի կը վերածէ մեզ, ու մենք, սահմանապահ զինուորին սխրանքներուն զուգահեռ, լծուած ենք քաղաքական ու տեղեկատուական լայնածիր արշաւներու, ցոյց տալու համար աշխարհին, որ Ատրպէյճան, ներշնչուելով նոյնքան ոճրածին Թուրքիոյ ընթացքէն՝ անգամ մը եւս խաղի ելած է քաղաքակիրթ աշխարհին հետ, կը փորձէ խաբեպատիր հնարքներով զոհը ներկայացնել իբրեւ նախայարձակ։ Մեր պիրկ բռունցքը դիմակազերծ պիտի ընէ Պաքուի վարիչները, ցոյց տալով որ ան միշտ ալ մնացած է նոյն ահաբեկիչ պետութիւնը, զօրավիգ է ու լծակից՝ Միջին Արեւելքը ահաբեկող ոճրագործ հորդաներուն։ Ինչպէս որ Արցախեան պայքարի առաջին փուլը պսակեցինք յաղթանակով ու Ատրպէյճանի լուծէն Արցախի անջատումով, այս հանգրուանին եւս արդարութիւնը պիտի շահինք մեր կողքին, վստահելով մեր բռունցքին։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930