Կազմակերպութեամբ՝ Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս.Երիտ.Միութեան, Նոր Հաճնոյ թաղամասին մէջ երեկ գիշեր տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք ներկայութեամբ՝ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Տիար Սամվել Մկրտչեանին եւ Հիւպատոս՝ Տիար Աշոտ Վարդանեանին, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներուն եւ ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմնի, սոյն ձեռնարկը նուիրուած էր Արցախի հայութեան քաջարի ժողովուրդին, զինուորներուն, նաեւ առ ի յարգանք մարտի դաշտին վրայ ինկած նահատակներու յիշատակին: Պաշտօնական հանդիսութեան նախորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ նուիրուած հայրենի հողի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներուն:
Նաեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւնը:
Պաշտօնական, կուսակցական, միութենական, գաղութային անձնաւորութիւններու եւ լիբանանահայերու բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիար Սամվել Մկրտչեան, ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի անունով՝ Յակոբ Կերկերեան եւ ՏՈԵՄ-ի անունով՝ Տիգրան Միհրանեան: Հնչակեան երիտասարդները վերահաստատեցին, որ անոնք միշտ Արցախի կողքին են , Արցախի հետ են եւ պատրաստ են բոլոր մակարդակներով իրենց մասնակցութիւնը բերելու մարտնչող Արցախի հայ զինուրին:
Հանդիսութեան ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեսական յայտագիր եւ տեսաերիզներու ցուցադրութիւն: