Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Նոր Որակի Հայաստանի Մը Ծնունդը

Ապրիլ 10,2016 14:00

Ատրպեճանական նախայարձակումէն հազիւ 24 ժամ անց, Հայաստանի մէջ կամաւորներու արտասովոր հոսք մը սկսաւ դէպի ճակատ, սահմանները պաշտպանելու նպատակով։

Հազարաւորներ, մեծ մասամբ նախկին ազատամարտիկներ, որոնք մասնակցած էին Արցախի ազատագրական պայքարին, խումբերով խուժեցին (բառացիօրէն) դէպի հանրակառքերը, հասնելու համար Ստեփանակերտ։

 

ՆԱԽ՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ

Անոնցմէ շատեր արդէն «կռուելու տարիքը» անցած կը թուէին, իրենց սպիտակած մազ ֊ մօրուքով։ Ուրիշներ, որոնք կեանքի ծանր պայմաններու տակ կքած ըլլալով հանդերձ, կայծակի արագութեամբ կանգնած էին իրենց նախկին հրամանատարներուն կողքը, վայրկեան առաջ Ստեփանակերտ հասնելու վճռակամութեամբ։

Թղթակիցի մը հարցումին, թէ «դու ի՞նչ ես անելու սահմանին», բառացիօրէն ծերունի նախկին ազատամարտիկը կը պատասխանէր, թէ ճիշդ է, ինք երիտասարդ զինուորի մը ֆիզիքական յատկութիւնները չունի այլեւս, «բայց ուզում եմ կանգնել մեր երեխէքի կողքին, որ եթէ յանկարծ մի գնդակ գայ, ե՛ս առնեմ դրա դէմը, որ մեր 20 տարեկան զինուոր երեխուն չդիպչի»։

Ուրիշ մը, շատ երիտասարդ, Երեւանի մէջ կամաւորներու հաւաքման կէտէն տուն ճամբեր էին, բայց ինք «մի կերպ ինքն իրան ստեղ եր գցել», Ստեփանակերտ, ու կազմ ու պատրաստ, զինուորական տարազով ու զինուած, կը սպասէր հրամանի։

Մեկնողներուն մէջ տեսայ նաեւ իմ ընկերներէս ոմանք, Հարմիկը, Ռոմիկը։ Անակնկալի եկայ, սակայն… չզարմացայ։ Տարբեր բան պիտի չընէինք անոնք։ Հողին կանչն էր, որուն կ’ընդառաջէին, ինչպէս ընդառաջած էին 25 տարի առաջ։

Կամաւորներու շարքերուն մէջն էին նաեւ համալսարանական ուսանողներ, տղաք ու աղջիկներ։ Հապա՞ «միւսները», Ուքրանիայէն ու Ռուսիոյ զանազան քաղաքներէն հանրակառքերով հասնողները, ճամբու յոգնութիւնը տակաւին չթօթափած, արդէն երկար շարքի կանգնած էին արձանագրուելու համար։

Տեսնուա՞ծ բան է, ո՞ւր, ո՞ր երկրին մէջ, ո՞ր ժողովուրդին մօտ տեսնուած է, որ մարդիկ պատերազմի երթան…պարելով, դհոլ ֊ զուռնայով։ Դէպի մահ երթալ…պարելո՞վ (ի վերջոյ պատերազմ է, արիւն կայ, մահ կայ)։ Ապշեցուցիչ է, չէ՞։ Այս եւս տեսանք մեր պաստառներէն։

Ուրիշ մեծ խումբ մը, բոլորն ալ տարեցներ, կը հասնի կամաւորներու արձանագրութեան վայր։ Պատասխանատուն կը մերժէ ընդունիլ զիրենք, պատճառաբանելով իրենց տարիքը։ Տարեցներու խումբը…դրամ կ’առաջարկէ արձանագրուելու համար, ոչ թէ «տակից», այլ՝ բացէն ի բաց։ Ո՞ւր տեսնուած է, որ մարդիկ դրամ վճարեն (մաքուր հայերէնով՝ կաշառք առաջարկեն) պատերազմի ճակատ մեկնելու,  դէպի մահ երթալու համար։ Կարելի՞ է պատկերացնել նման երեւոյթ։ Փաստօրէն՝ այս ալ եղաւ։

 

Այսպէս, առանց տարիքի, սեռի ու դասակարգի խտրութեան, ունեւորն ու չքաւորը, «ահելն ու ջահելը», երկրի բոլոր մարզերէն, գիւղերէն, շէներէն ու աւաններէն, քաղաքացին ու գիւղացին, բառացիօրէն գործ, ընտանիք եւ ուսում ձգած հազարաւորներ,  մէկ մարդու պէս, «էս ո՞ւմ վրայ էք ձեռք բարձրացնում» ըսելով, Սասունցի Դաւիթի նման ոտքի ելան։ Շատ շատերու բերնէն լսեցինք՝ «Գնում ենք, որ 1994ի մեր կիսած թողածր աւարտին հասցնենք ու գանք»։

Կսկիծով իմացանք նաեւ, որ Սիսիանէն մեկնած կամաւորներու խումբը, Մարտակերտի մօտերը ու տակաւին ճակատ չհասած, ռմբակոծումի հետեւանքով տուաւ 7 նահատակներ։ Անոնք գիտէին, թէ ուր կ’երթային ու միացան անմահներու փաղանգին։

Դէպի ճակատի գօտի պաշար հասցնելու երեւոյթը նոյնքան ինքնաբուխ էր։ Մաշտոցի պուրակին մօտ կը կեդրոնացուէին ամէն տեսակի սննդեղէն, սնտուկներով. «սուփըրմարքէթներ»ը իրենց պահեստանոցներէն մեծ քանակութեամբ ապրանք կը փոխադրէին դէպի նման կեդրոններ ու այս բոլորը՝ առանց որեւէ պետական կոչի։

Հայրենիքի պաշտպանութեան համար ստեղծուած այս միասնակամութիւնը արտայայտուեցաւ նաեւ խորհրդարանէն ներս ու այս առումով, մեծապէս ուսանելի էին Աղուան Վարդանեանի ու Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթները։ Քաղաքական ու գաղափարական առումով էապէս հակադրուած երկու քաղաքական գործիչներ, որոնց պատգամները սակայն, այս պահուն՝ էապէս նոյնն էին։

Խուճապի նուազագոյն երեւոյթն իսկ չտեսանք։ Մտահոգութիւն՝ այո, ինչու չէ։ Սակայն ամէնէն շեշտուած, աչքառու եւ աղաղակող տրամադրութիւնը համաժողովրդային այն մարտունակութիւնն էր, որ կերպարանափոխած էր ամբողջ երկիրը։

Իրականութեան մէջ, «համաժողովրդային» ու «մարտունակութիւն» բառերը դուրս ելան բառարաններու էջերէն ու մեր աչքերուն դիմաց ապրող իրականութեան վերածուեցան։

 

ԽՈՐԵՆԱՑԻՆ ՃԻ՞ՇԴ ԷՐ

Հապա՞ ճակատի դրուագները։

1500 տարի առաջ էր, մօտաւորապէս, որ Խորենացի տնքոցով ու միաժամանակ հպարտութեամբ կ’արձանագրէր, որ թէեւ մենք փոքր երկիր մըն ենք (անտառներուն ու արտերուն հետ բաղդատած՝ «փոքր ածու»), սակայն մեր մէջ ալ կան քաջութեան ու արիութեան բազմաթիւ գործեր, որոնք յիշատակութեան արժանի են։

Միայն հոլիվուտեան ֆիլմերուն մէջ տեսած էինք, սակայն Արցախի մէջ իրականութի՛ւնը տեսանք։ 20 տարեկան հայ զինուորը յանկարծակիի կու գայ, երբ յանկարծ դիմացի բլրակին ետեւէն, 25 ֊ 30 մեթր անդիէն, դէպի իր դիրքը կը խուժէ թշնամիին զինուորական ուղղաթիռը, հրթիռներով ու ծանր գնդացիրներով բեռնաւորուած։ Ատոր միայն աղմուկը բաւարար է, որ մէկու մը արիւնը սառի երակներուն մէջ՝ սարսափէն։ Նոյն այդ 20 տարեկան հայ զինուորը, փոխանակ ինքզինք խրամատի մը մէջ նետելու, առանց վարանելու, ձեռքը անցած առաջին իսկ հրթիռարձակէն հրթիռ մը կ’արձակէ թշնամիին ուղղութեամբ, որ բոցերու մէջ կը խորտակուի քիչ անդին։

Հրասայլի երիտասարդ հրամանատարին քաջութիւնը սարսափ կ’ազդէ թշնամիին։ Իսկ մեզի՝ կսկիծ ու հպարտութիւն միաժամանակ։ Կռիւի բուռն պահուն, երբ այլեւս անյոյս է կացութիւնը,  կը հրամայէ ընկերներուն որ նահանջեն. իսկ ինք կը մնայ, ու թշնամիին յառաջացող հրասայլը խորտակելէ ու ձեռնառումբերով թշնամիի կեանքեր խլելէ ետք, վերջին ձեռնառումբը կը պահէ ու թշնամի զինուորներու մօտենալուն՝ զայն եւս կը պայթեցնէ, իր նահատակութեամբ թշնամի կեանքեր եւս խլելով։

 

Երիտասարդ զինուոր Դաւիթը հիւանդանոցի անկողինէն կը պատմէ, թէ պայթում մը կը լսէ. կը նկատէ, որ մէկ ոտքը չկայ։ Գօտին կը քակէ ու կը կապէ ոտքը, արիւնաքամ չըլլալու համար։ Կը լսէ երկրորդ պայթում մը. այս անգամ միւս ոտքը կ’անդամահատուի. կօշիկին կապով կը կապէ երկրորդ սրունքը եւս, երբ գլխուն տակ կարծր բան մը կը զգայ։ Ական մըն է։ Մինչ ընկերներուն հասնիլը, կը յաջողի չէզոքացնել այդ եւս։ Իսկ հիմա, հիւանդանոցին մէջ պառկած, կը փափաքի վերամիանալ…բանակին, անմիջապէս որ դարմանուին իր ծանր վէրքերը։

Այո՛, անգամ մը եւս փաստուեցաւ Խորենացիին ճշմարտացիութիւնը։

 

ԻՍԿ ՀԻՄԱ…

Կայ վարկած մը, ըստ որուն, անակնկալ էր ժողովրդային  մարտունակութեան այս մակարդակի ու որակի ըլլալը։ Կրնայ ըլլալ։ Բանակը տարբեր է, որովհետեւ հոն կայ մարզումի ազդակը։ Բայց ի վերջոյ, ժողովուրդը բանակ չէ, որ անդադար մարզես ու զայն ակնկալուած մարտունակութեան մակարդակին հասցնես։

Փաստուեցաւ, որ բանակը իր ուժը կը ստանայ ժողովուրդէն։ Ինչքան կարեւոր է բանակին արդիական սպառազինութիւնը, նոյնքան կարեւոր է այդ ներքին ժողովրդային ուժը, որ անտեսանելի ձեւով կը հասնի խրամներուն մէջ սահմանը պահող հայ զինուորին։

18 տարեկան զինակոչիկ զինուորը, իր հրամանատարը, հասնելով մինչեւ պաշտպանութեան նախարար ու գերագոյն հրամանատար (երկրի նախագահը), անբացատրելի ուժով, քաջութեամբ ու պատասխանատուութեան աննախընթաց զգացումով կը լեցուին, երբ ֆիզիքապէս կամ այլապէս իրենց կողքին կը տեսնեն «անկոչ հիւր»ի նման դէպի ճակատ խուժող նախկին ազատամարտիկները, համալսարանական տղաքն ու աղջիկները, ժողովրդային համեստ խաւերու, թէ այսպէս ասած՝ «օլիկարխներու» զաւակները։

Մէկ բան անվիճելի իրողիութիւն է այսօր, որ հայրենի ժողովորւդը ցուցաբերեց միասնակամութեան ու մարտունակութեան նախանձելի որակ մը։ Այն աստիճան, որ երեւան եկաւ նոր տեսակի ուժ մը (ցարդ անթեղուած), որ Հայաստանի քաղաքական ու զինուորական ղեկավարութեան համար հաշուի առնուելիք ազդակ է։ Այս ուժը… «ուժ կու տայ» նոյն այս ղեկավարութեան։

Ժողովրդային հայրենասիրութեան այն աստիճանի անբիծ ու զուլալ ուժ մը, զոր ղեկավարելու ու գլխաւորելու համար այլեւս նոր որակի, նոյնքան անբիծ ու զուլալ մտածողութիւն մը անհրաժեշտ է։

Այս ուժը կը պարտադրէ երկրի ղեկավարութեան, որ համապատասխան ձեւով, ու նոր որակի պատասխանատուութեամբ վարէ մեր «փոքր ածու»ին գործերը, զինուորական, քաղաքական, կամ ներքին ընկերային ֊ տնտեսական բնագաւառներէն ներս։

Այս ազգային միասնութենէն ու մարտունակութենէն օրինակ առնելու ու իր կարգին՝ համաչափ հարթութեան վրայ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու պարտաւորութեան տակ կը դրուի նաեւ Սփիւռքը։ Հիմա նոր որակի Հայաստան մըն է, որ կը ստեղծուի մեր աչքերուն դիմաց ու այս իմաստով, պատմական ժամանակներ կ’ապրինք։ Սփիւռքը պարտաւոր է կանգնելու մեր պատմութեան ճի՛շդ ուղղութեան վրայ։

Հայրենաբնակ հայութեան ցուցաբերած այս նոր որակը սովորական աստիճանով կարելի չէ չափել։ «Օքթաւ»ով պէտք է չափել։ Սա, ինչպէս ըսինք, այլեւս նոր տեսակի Հայաստան մըն է, ինքնամաքրուած ու բիւրեղացած։ Սա՛ էր բուն Հայաստանը։

Այս իրականութեան լոյսին տակ է, որ կ’արձանագրենք մեր ակնկալութիւնները թէ՛ երկրի ղեկավարութենէն եւ թէ՛ Սփիւռքէն։ Սփիւռքն ու Հայաստանի ղեկավարութիւնը պարտաւոր են արժանի ըլլալու մեր հայրենաբնակ ժողովուրդին ու վերածնած բո՛ւն Հայաստանին։

 

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930