Asbarez.com. Մինա՛կ ենք, միայն ու միայն մենք մեր ուժերուն վրայ վստահելու իրականութեան հետ պէտք է հաշտուինք:
Մինակ ենք ու մեր ուղեղէն պէտք է արմատախիլ ընենք այն միտքը, թէ ամէնէն ծանր պահուն «դաշնակից» ուժ մը պիտի հասնի ու փրկութեան ձեռք երկարէ մեզի:
Արցախեան ճակատին վրայ մղուած վերջին մարտերը, անոնց ընթացքին թշնամիին կողմէ օգտագործուած զինատեսակներն ու անոնց աղբիւրները մեզի ցաւագնօրէն յայտնի դարձուցին, թէ մեր բանակը պաշտպանողական եւ յարձակողական ժամանակակից զինատեսակներու խի՛ստ կարիքը ունի: Հայաստանի պետական պիւտճէով կարելի չէ պատկերացնել, որ Հայոց բանակի ռազմական կարիքները ամբողջականօրէն կը բաւարարուին, մանաւանդ ա՛յն մակարդակով, որ կը պահանջուի՝ անոր առջեւ դրուած խնդիրները լուծելու:
Հիմա ժամանակը յարմար կրնայ չըլլալ հարցնելու, թէ մեր պետական պիւտճէն ինչո՞ւ այսքան խեղճ է, եւ աջ ու ձախ մեղադրանքներ ուղղելով՝ պատասխանատուներ փնտռելու այս տխուր վիճակին համար:
Կարդացեք նաև
Յամենայնդէպս, Հայոց բանակին հնարաւորութիւնները ուժեղացնելու միջոցը պէ՛տք է գտնել եւ պէտք է գտնել՝ արա՛գ:
Աբօ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հրապարակումն ամբողջությամբ սկզբնաղբյուր կայքում: