Հինգշաբթի, 7 Ապրիլ 2016-ի կէսօրին ժամը 1:00-ին, քուէյթի համայնքի ազգային մարմիներու ներկայացուցիչներու մեծ պատուիրակութիւն մը նախագահութեամբ՝ թեմի առաջնորդ՝ Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի այցելեցին Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ յայտնեցին իրենց ամբողջական զօրկցութիւնը ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան՝ Պրն. Ֆատէյ Չարչօղուլեանին, 1-էն 2 Ապրիլ լուսցող գիշերը տեղի ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին: Այս մասին կը տեղեկանանք Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանի ֆէյսպուքեան էջէն
ՀՀ դեսպանը բարի գալուստի խօսքէն ետք ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ ռազմական գործողութիւններուն մասին, ուր օգտագործուած էին ծանր սպառազինութիւն, հրասայլեր, օդուժ, ինչպէս նաեւ ռազմավարական դիրքեր գրաւելու փորձեր կատարուած էին: Իսկ աւելի վտանգաւորը այն էր, որ Պաքուի կողմէ շղթայազերծուած յարձակումը թրքական բացայայտ զօրակցութիւն կը վայելէր` նկատի ունենալով օրեր առաջ յայտարարուած թրքական պաշտօնական այն կեցուածքը, որուն հիման վրայ Թուրքիա Ազրպէյճանին բացարձակ զօրակցութիւն կը յայտնէր:
Իր կարգին Պրն. Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի անդամներուն, որոնք անմիջապէս արձագանգեցին դէպքին եւ հեռախօսային կապերով իրենց նեցուկը յայտնեցին:
Ապա խօսք առաւ թեմի երեսփոխանական ժողովի ապենապետ՝ Պրն. Յարութ Պէտիրեան, որ իր կարգին դատապարտեց ատրպէճանական վայրագ արարքները ու համայնքի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց դեսպանին: Ան շեշտեց թէ՝ համայնքը ոչ միայն պատրաստ է նիւթապէս ու բարոյապէս սատար հանդիսանալու, այլ իր կամաւորներով, եթէ հարկ է, պիտի պաշտպանեն Արցախի ու Հայրենիքի սահմանները:
Վերջապէս, յանուն ազգային մարմիներու ներկայացուցիչներուն խօսք առաւ թեմի առաջնորդ՝ Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան ու խստիւ դատապարտեց ատրպէճանական ոտընձգութիւնները ու իւ խօսքին մէջ նշեց թէ՝ քուէյթահայութիւնը, որ ղարաբաղեան պայքարի առաջին օրէն զօրավիգ կանգնած է համահայկական պայքարի ու յանձնառութեան առաջին դիրքերուն վրայ, ամբողջանուէր կերպով կը զօրակցի 25-ամեայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետականութեան, բանակին եւ ընկրկում չճանչցող ժողովուրդին:
Հայր Սուրբը նաեւ շեշտեց թէ՝ Ղարաբաղի զօրակցութեան ուղղութեամբ առնուելիք որեւէ քայլ պէտք է կատարուի միասնական ոգիով ու ճիգով: Հայութիւնը` Հայաստանի, Ղարաբաղի ու սփիւռքի մէջ, միջազգային համայնքին պէտք է ներկայանայ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, հաւաքական մէկ կամքով ու նո՛յն ձայնով:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ համայնքը յուզող այլ թեմաներ: