yerakouyn.com. Պոսթընի գովազդային վահանակը, որուն տեղադրման համար վճարած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքող խումբը, սխալմամբ տեղադրուած է եւ կը կազմաքանդուի: Այս մասին հաղորդած է Clear Channel Outdoors ընկերութեան ներկայացուցիչը:
Ըստ Boston.com-ի, Հայկական ժառանգութեան զբօսայգիէն քանի մը փողոց հեռու տեղադրուած գովազդային վահանակը ձեռք բերած է «Թրքական հարթակ» խումբը, Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան հերքման արշաւին ծիրէն ներս:
Վահանակին վրայ հետեւեալ գրութիւնն է` «Ճշմարտութիւն = Խաղաղութիւն»: Թուրքիոյ դրօշով ձեռքի երկու մատները կը ցուցադրեն խաղաղութեան խորհրդանիշը, մինչդեռ Ռուսիոյ (ձախէն) եւ Հայաստանի (աջէն) դրօշներով ձեռքերը պատկերուած են կեղծիքի խորհրդանիշով խաչուած մատներով:
Ըստ Massis Post-ի` գովազդային վահանակի գրութիւնը ընթերցողներուն կ՝առաջարկէ այցելել FactCheckArmenia.com կայք, որ կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` զայն որակելով «Հայկական սփիւռքին կողմէ ֆինանսաւորուող հզօր քարոզչութիւն»: