Գանատայի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանին վրայ կատարուած ատրպէյճանական զինուորական յարձակումը եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն դէմ շղթայազերծուած հրթիռակոծումը, որ բացայայտարօրէն կը խախտէ զինադադարի 1994-ի համաձայնութիւնը:
Կոչ կ՚ուղղենք նաեւ Գանատայի իշխանութիւններուն, որպէսզի դատապարտեն Ատրպէյճանի ի գործ դրած այս նախայարձակ գործընթացը, որ ամենեւին չի նպաստեր խաղաղ բանակցութիւններով խնդիրը լուծելու այլընտրանքին։
Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր Հայոց բանակին եւ հայրենիքի սահմաններու ապահովութեան հսկող անձնուրաց հայ զինուորներուն։
Միաժամանակ, մեր վիշտն ու ցաւակցութիւնը կը յայտնենք հայրենի նուիրական հողի պաշտպանութեան ընթացքին նահատակուած հայ զինուորներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն։
Կարդացեք նաև
Վստահ ենք, որ պատմութեան ընթացքին բազում ճգնաժամեր դիմագրաւած հայ ժողովուրդը այս անգամ եւս անսասան պիտի կանգնի այս օրհասական փորձութեան դիմաց եւ միասնական ուժերով դիմագրաւէ տագնապը։
Կոչ կ՚ուղղենք Գանատայի մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որ Արցախի համար այս դժուարին օրերուն, միահամուռ շարքերով զօրակցինք մեր հայրենիքին եւ բարոյական ու նիւթական մեր աջակցութիւնը ցուցաբերենք ի գին բազում զոհողութիւններու ազատագրուած Արցախին։
ՍԴՀԿ Գանատայի Շրջան
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ
ՌԱԿ Գանատա