Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Լիբանանահայ նոր սերունդը հաւաքով մը սհմրտայայտեց իր զօրակցութիւնը Արցախին եւ ընդվզումը` Ատրպէյճանի բռնարարքներուն  դէմ. yerakouyn.com

Ապրիլ 07,2016 11:18

«Միշտ ձեր կողքին» կարգախօսին ներքեւ երէկ երեկոյեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցական երիտասարդական հաւաք մը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ), ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն (ԼՊՄ): Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

IMG_9462

Նախքան հաւաքը, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, որ սկսաւ «Սարդարապատ» ակումբէն` հասնելով մինչեւ Ս. Փրկիչ եկեղեցի եւ ապա Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակ, որ ողողուած էր երիտասարդներով եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեամբ:

IMG_4472

Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քայլերգով, երգեցողութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամ խումբ մը պատանիներու:

ՀՅԴ ԼՊՄ Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով Փաթրիսիա Խորշիտեան արտասանեց բացման խօսքը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ նախորդ հինգ օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն, որոնք թէ՛ մտահոգիչ էին եւ թէ՛ հպարտութիւն ներշնչող` ի տես եւ ի լուր իրենց կեանքին գնով հայրենիքի սահմանը պաշտպանող զինուորներուն ցուցաբերած նուիրումին եւ մարտունակութեան: Ան դիտել տուաւ, որ հպարտութեան զգացումը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ դաշնակցական կամաւորական գունդեր եւս ուղղուեցան սահման` ոգեւորելով համայն հայութիւնը եւ ցոյց տալով, որ դաշնակցական պատանին միայն անցեալի փառքերով հպարտանալու պատճառներ չունի, այլ նաեւ այսօր եւս ոգեւորող ու գօտեպնդող են հայոց բանակին ու կամաւորներուն ցուցաբերած խիզախութիւնն ու հայրենիքին սիրոյն մինչեւ մահ պայքարելու պատրաստակամութիւնը: Փ. Խորշիտեան դիտել տուաւ, թէ այսօր տեղի ունեցածը անգամ մը եւս փաստեց, որ դաշնակցական դպրոցէն անցած մեր ֆետայական շարքերը, զինեալ պայքարի հերոսները, արդարութեան բռունցքները եւ Արցախի մարտիկները իրենց յիշատակով մեր նորօրեայ հերոսներուն դիմաց դէպի յաղթանակ ճամբան կը հարթեն:

Փ. Խորշիտեան ապա նշեց, որ լիբանանահայ պատանին եւ երիտասարդութիւնը եւս չէր կրնար Արցախին իր զօրակցութիւնը յայտնելու նախաձեռնութեան չդիմել: «Հայ դաշնակցական պատանին բնաւ պիտի չմոռնայ, թէ Խանասորէն, Լիզպոնէն, Շուշիէն մինչեւ Մարտակերտ եւ Գետաշէն ի՛նքն է պաշտպանը հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ գոյութեան: Հայ դաշնակցական պատանին քաջ պիտի գիտակցի, որ Վազրիկին նման ի՛նք պիտի ըլլայ միշտ պատնէշի վրայ` անվախ ու կայտառ: Մեր դաշնակցական պատանին հաստատ պիտի գիտնայ, որ այս ազգին ապագան ի՛նք է, ի՛նք է ժառանգորդը մեր անցեալին ու ներկային, մեր ազգի անվեհեր ու անձնուրաց քաջերուն», եզրափակեց Փ. Խորշիտեան:

IMG_9489

Ապա ցուցադրուեցաւ ԶՈՄ-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, որ կ՛անդրադառնար նախորդ օրերուն ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ Ազրպէյճանի գործած լայնածաւալ յարձակումին եւ անոր դէմ հայկական հզօր հակահարուածին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մթնոլորտին, բանակայիններուն բարձր կորովին, սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ Արցախի զօրակցական ցոյցերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տարբեր համալսարաններուն մէջ ԶՈՄ-ի գործադրած արշաւին:

Ապա «Աղբալեան» պատանեկան միութենէն Շահէն Արապօղլեան ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Իմ հարեւաններին» բանաստեղծութիւնը:

Պատանիին խօսքը ներկաներուն փոխանցեց «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամ Սեւատա Անտոնեան, որ տպաւորեց հաւաքին ներկայ հայորդիները` իր քաջ խօսքով ու վճռակամ շեշտով գրաւելով ժողովուրդին ուշադրութիւնը:

«Հայոց պատմութեան վերջին շրջանին կերտուած ամէնէն պանծալի յաղթանակին եւ պատմութիւն կերտած ժողովուրդի նորագոյն սերունդին իբրեւ կրտսերագոյն ներկայացուցիչներ, Մամիկին ու Պապիկին, անցեալին ու ներկային պահապան ջահակիրներ, կը բողոքենք վերջին օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական դիրքերուն եւ սահմանամերձ գիւղերուն ուղղութեամբ շղթայազերծուած պատերազմին դէմ: Կը բողոքենք 1994-ին ստորագրուած զինադուլի այս խախտումին դէմ: Զօրակցութիւն կը յայտնենք հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքերը զոհաբերող զինուորներուն, շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն: Մեր հպարտութիւնն է Արցախը: Մեր հպարտութիւնը պիտի մնայ ան մեր պապերու հողին վրայ: Զօրակցի՛նք Արցախի ժողովուրդին, որովհետեւ արցախցիները պատիւ բերին հայութեան: Հզօրացնե՛նք Արցախը, արեամբ կերտուած հայրենի հողը», ըսաւ ան:

Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը:

 

Նյութի մանրամասները կարդացեք. yerakouyn.com-ի կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930