Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին իր համերաշխութիւնն ու զօրակցութիւնը ցուցաբերելու նպատակով աւստրիահայ համայնքը ձեռնարկած է շարք մը քայլեր։ Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը:
Աւստրիոյ մէջ գործող բոլոր համայնքային կազմակերպութիւններու անունէն բաց նամակ կազմուած է եւ փոխանցուած Աւստրիոյ բոլոր քաղաքական մարմիններուն` երկրի նախագահի ու վարչապետի գրասենեակներ, Աւստրիոյ Դաշնային Ժողով, Աւստրիա-Հայաստան բարեկամական խումբի անդամներուն, արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին: Նամակին մէջ՝ ս.թ. Ապրիլ 2-էն սկսեալ ԼՂ նկատմամբ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումները կանխելու եւ Ալիեւի վարչակազմի նկատմամբ ճնշում գործադրելու կոչ հնչեցնելէ բացի՝ դատապարտուած են Պաքուի արկածախնդիր քայլերը` ԼՂ հիմնահարցը ռազմական ճանապարհով լուծելու ուղղութեամբ: Նոյն նամակը ներկայացուած է նաեւ աւստրիական եւ երկրին մէջ հաւատարմագրուած միջազգային մամուլին:
Կարդացեք նաև
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում