Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Նամակ երկրէն. «Զէնք, որ թշնամին չունի». «Ասպարեզ»

Ապրիլ 06,2016 07:30

ԱՄՆ-ում լույս տեսնող «Ասպարեզ» օրաթերթը հրապարակել է Րաֆֆի Տուտագլեանի (լուսանկարում) հետեւյալ հոդվածը:

5 օր շարունակ, պատերազմ էր Արցախի ճակատներու ամբողջ երկայնքին։ Ոչ թէ զինադադարի խախտում կամ բախումներ ինչ որ «շփման գիծ»ի որոշ հատուածներուն շուրջ, այլ՝ պատերազմ, վայրագ ու անողոք, աւերիչ ու մահասփիւռ։ Նախայարձակը ազերի թուրքն էր, եւ ինչպէս միշտ՝ ան տարբերութիւն չդրաւ դպրոցական երեխաներու, տարեցներու, պատանի–պարմանուհիներու եւ ռազմական թիրախներու միջեւ։ Այս անգամ, ատրպեյճանական ուժերը ռազմադաշտ բերին իրենց ամէնէն ազդեցիկ զէնքերը՝ ռուսական «ՍՄԵՐՉ»ը, «ԴՈՍ-1Ա»ն, իսրայէլական անօդաչու «ՀԱՐՈԲ» ինքնակործան ռմբակոծիչները, եւ ասոնց հետ՝ յատուկ ջոկատայինները։

Ի՞նչ նպատակներով կամ ակնկալութիւններով Պաքուն սկսաւ այս պատերազմը, ո՞վ կամ ովքե՞ր էին հրահրողները, կապ ունէ՞ր այս պատերազմը Սուրիոյ տագնապին հետ, Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանը ի՞նչ նպատակներով զանգուածային քանդումի զէնքեր վաճառած էր ու դեռ կը վաճառէ Ատրպէյճանին, Անգարա–Մոսկուա կամ Էրտողան–Փութին լարուած յարաբերութիւննե՞րը հրահրեցին ատրպեճանական այս արկածախնդրութիւնը, արդեօք Ալիեւ այս ձեւո՞վ կը փորձէր իր ժողովուրդի ուշադրութիւնը շեղել Ատրպէյճանի ներքին հարցերէն…

Այս բոլորին մասին ճիշդ ու սխալ շատ պիտի խօսուի ու գրուի դեռ։ Այս բոլորին մէջ մէկ բան յստակ եղաւ բոլորին. Պաքուի բռնատէրը պատերազմ շղթայազերծեց Արցախի ռազմաճակատներու ամբողջ երկայնքին եւ ի զարմանս իրեն ու շատ շատերուն, դէմ յանդիման գտնուեցաւ հայ ժողովուրդի ամէնէն հզօր զէնքին՝ քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ յատկանշուող Ազգային Միասնականութեան։

Ապրիլ 2ի առաւօտեան, երբ Արցախի հիւսիսային եւ հարաւային ճակատներուն վրայ ատրպէյճանական յարձակումներու լուրը հասաւ Հայաստանի ժողովուրդին, աննկարագրելի, անբացատրելի, փշաքաղող, ոգեշնչող, հոգեկորով մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ երկրի բոլո՛ր քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ անխտիր։ Բանակային ծառայութենէն նոր վերադարձած երիտասարդներ, ուսանողներ, վեթերան ազատամարտիկներ, բանուորներ ու գիւղացիներ ինքնակամ եւ ինքնաբուխ՝ հազարներով դիմեցին իրենց կուսակցութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, գիւղապետարաններուն կամ զինկոմիսարիատներուն՝ կամաւոր մեկնելու Արցախ, հայ զինուորներու կողքին ըլլալու եւ պաշտպանելու հայրենի հողը։ Դիմադիր ու ընդիմադիր քաղաքական ուժերը մէկ կողմ դրին իրենց վէճերը եւ պատերազմը յաղթանակով աւարտելու վճռակամութեամբ դարձան միասնական ճակատ։ Հարիւրաւոր քաղաքացիներ սկսան կազմակերպել հանգանակութիւններ, արեան տուչութեան արշաւներ, պարենային եւ բժշկական օգնութիւն հաւաքելու միջոցառումներ։ Համացանցի վրայ, բոլոր տուներուն եւ աշխատատեղերուն մէջ, գրեթէ ամէ՛ն տեղ կար միայն մէկ մտահոգութիւն ու արծարծուող նիւթ՝ պատերազմ է, հայրենիքը վտանգուած է, եւ մենք հիմա ունինք միայն մէկ նպատակ՝ թեւ ու թիկունք կանգնիլ մեր զաւակներուն, հայ զինուորներուն, եւ արժանի հակահարուած հասցնել ոսոխին, ի խնդիր մեր ազգի, մեր պետութեան ու պետականութեան գոյութեան։

Շատերու համար անակնկալ էր Հայաստանի ժողովուրդի քաղաքացիական բարձր գիտակցութեան այսպիսի դրսեւորումը, անկանխատեսելի՝ քաղաքական այսպիսի միասնականութիւնն ու համախմբումը։

Ատրպէյճանական նորամոյծ կործանիչ զէնքերուն առջեւ հայ ժողովուրդը՝ իր մարտունակ բանակին հետ միասին, թշնամիին ցոյց տուաւ իր ամենահզօր ու յաղթական զէնքը՝ իր միասնութիւնը։

 

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930