Ապրիլ 4-ին ռումանահայ համայնքը տարածած է յայտարարութիւն մը, որմով խստօրէն կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ աննախադէպ նախայարձակումը:
Ռումանիոյ իշխանութիւններուն ուղղուած Ռումանիոյ Հայոց միութեան եւ Ռումանահայոց թեմի համատեղ յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կ’ըսուի.
«Ոումանիոյ հայ համայնքը խոր անհանգստութիւն կը յայտնէ եւ խստօրէն կը դատապարտէ Ապրիլ 2-ին սկսած եւ մինչեւ օրս շարունակուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններու ամբողջ երկայնքով օդային զինուժի, ծանր հրետանիի եւ զրահամեքենաներու կիրառութեամբ Ատրպէյճանի լայնածաւալ ռազմական յարձակումները, որոնք աննախադէպ էին 1994-ին հաստատուած հրադադարէն ի վեր:
«Յարձակումներուն զոհ դարձած են եւ վիրաւորուած տասնեակ զինուորականներ եւ քաղաքացիական անձիք, որոնց մէջ նաեւ երեխաներ: Այս առիթով Ռումանիոյ Հայոց միութիւնը եւ Հայոց թեմը խոր վշտակցութիւն կը յայտնեն անմեղ զոհերու հարազատներուն ու մերձաւորներուն եւ կը կիսեն կորուստի ցաւը:
Կարդացեք նաև
«Ցաւով պէտք է արձանագրել, որ միջազգային հանրութիւնը ցայսօր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան անդրադառնալուն գերադասած է հաւասարութեան նշան դնել կողմերուն միջեւ, խուսափած է հասցէական քննադատութենէն եւ զլացած զսպուածութեան հաստատակամ կոչեր ընելու Ատրպէյճանին` վերջինիս մօտ ստեղծելով իր ցանկացած գործողութիւններու ամենաթողութեան տպաւորութիւն: Անտեսուած է այն հանգամանքը, որ հէնց Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնն է մշտապէս ու հետեւողականօրէն հանդէս եկած ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ, պատերազմական կոչերով, ցեղապաշտական եւ հայատեաց քարոզով` օգտագործելով, ինչպէս նաեւ, նոյն միջազգային հարթակները:
«Ուստի կոչ կ’ընենք հայրենի Ռումանիոյ իշխանութիւններուն, եւրոպական եւ միջազգային մարմիններուն վճռականօրէն դատապարտելու Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները` մարդկային տասնեակ ու հարիւրաւոր կեանքերու կորուստեան համար, ներառեալ` քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան շրջանին մէջ:
«Ստալինեան կամայական որոշումով Ատրպէյճանին բռնակցուած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ազատ ապրելու իր որոշումը կայացուցած է 25 տարի առաջ` յենուելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունք հանդիսացող ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին վրայ:
«Ուստի Ռումանիոյ Հայոց միութիւնը եւ Հայոց թեմը, ամբողջ ռումանահայ համայնքը զօրավիգ է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնիշխան Հանրապետութեան ու անոր ժողովուրդին յանուն ազատութեան անոր պայքարին եւ խաղաղ, անվտանգ ու բարեկեցիկ երկիր կառուցելու ջանքերուն»:
Ռումանահայոց թեմն ու Ռումանիոյ Հայոց միութիւնը զօրակցութեան կոչերով դիմած են նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հոգեւոր եւ աշխարհիկ բարձրագոյն իշխանութիւններուն: