ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Երկուշաբթի, Ապրիլ 4-ին ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի աշակերտութիւնը՝ 6-12րդ եւ 3-5-րդ դասարաններ՝ երկու տարբեր խումբերով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հերոսական Արցախի պաշտպանական բանակի զինուորներուն եւ հայրենի ժողովուրդին, կազմակերպելով աշակերտական հաւաքներ:
Առաջին հաւաքը վարեց Պրն. Հրաչ Սեփեթճեան: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քայլերգէն ետք, ան փոխանցեց ռազմաճակատի վերջին օրերու նորութիւնները, պատերազմը վերսկսելու վտանգը, օրուան պատգամը: Ապա, Աշակերտական Խորհուրդի նախագահ Նորա Գալուստեան խօսեցաւ իր զգացումներուն եւ այսօրուան իրականութեան մասին: Շարժեց բոլորին սրտերը եւ կոչ ուղղեց օգնելու հայրենի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Հերթաբար ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի (AGBU Central Board) եւ քոնկրէսմէններ Ատամ Շիֆի ու Ֆրէնք Փալոնի յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական լուրեր ընթերցեցին 12-րդ դասարանէն Սինթիա Պետրոսեան, Տանիէլ Պութ, Մելընի Պեսնիլեան եւ Յարութ Նազարեան: Շնորհակալութիւն բոլոր աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ թէքնիք պատասխանատու Վան Ոսկեանին՝ 11րդ դասարան:
Կարդացեք նաև
Հայերէնի ուսուցիչներ Տիկ. Մարալ Ոսկեան եւ Պրն. Յովհաննէս Գումրուեան նոյնպէս իրենց պատգամը փոխանցեցին, իսկ տեսանիւթեր դիտելէ ետք փակման խօսքով ելոյթ ունեցան ազնուափայլ տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեան եւ փոխ-տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Նալպանտեան:
Աշակերտական Խորհուրդը արդէն իսկ սկսած է զօրակցական իր աշխատանքին, շաբթուան ընթացքին ամէն օր պիտի կազմակերպուին տարբեր ծրագիրներ եւ դրամահաւաք՝ Հայրենեաց Պաշտպանութեան Ֆոնտին:
***
Նման հաւաք մը տեղի ունեցաւ նաեւ նախակրթարանի 3-5րդ դասարաններու աշակերտութեան համար: Փոխ-տնօրէնուհի Տիկ. Փառիկ Յարթունեանի բացման խօսքէն ետք, Տիկ. Մարալ Ոսկեան աշակերտներուն յարմար լեզուով նախ ներկայացուց Ղարաբաղի պատմականը եւ ապա նշեց, թէ ինչպէս մարտերը վերսկսած են եւ Արցախը մեր օգնութեան կարիքը ունի: Անոնք նոյնպէս դիտեցին տեսանիւթեր եւ ազգային բարձր տրամադրութիւններով վերադարձան իրենց դասարանները:
***
Նշենք, թէ Երեքշաբթի՝ Ապրիլ 5-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Առաջնորդարանին մէջ՝ Պըրպէնք, տեղի պիտի ունենայ աղօքթ եւ հաւաք, որուն հրաւիրուած է ամբողջ լոսանճելըսահայութիւնը: Զօրակցինք եւ մեր ներկայութեամբ օգնենք Արցախի եւ Հայաստանի մեր սիրելիներուն: