Նկատի առնելով 1 Ապրիլ 2016ին ծայր առած ռազմական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքին վրայ, մինչ մեր խաղաղ ժողովուրդը կը շարունակէր կերտել իր կեանքն ու երկիրը իր պատմական հողերուն վրայ, եւ մինչ կը սգանք ազերիական յարձակումներուն հետեւանքով թանկագին կեանքերու կորուստը, կոչ կ՛ուղղենք –
1. Միջազգային եւ տարածաշրջանային բոլոր կողմերուն որ ապահովեն յարձակումներու դադրեցումը, եւ դատապարտեն կանխամտածուած Ատրպէյճանական բռնարարքները:
2. Ազդեցիկ կողմերուն որ առաջնորդեն տարածաշրջանը դէպի մնայուն լուծումներ:
Այսու կը վերահաստատենք մեր այն համոզումը, թէ –
• ժամանակակից մեր օրերուն մէջ խաղաղ բանակցութիւններն են մարդկային քաղաքակրթութեան ընդունելի միակ միջոցը՝ լուծելու երկրներու միջեւ ծագած խնդիրներն ու տարակարծութիւնները.
• Խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը կարելի չէ անջատել իրարմէ, իսկ պատմութիւնն ու ժամանակակից քաղաքականութիւնը պետք է դիտել մէկ շրջանակի մէջ: Այսպիսով կարելի կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցն ու հայ ժողովուրդին իր սեփական հողերուն կառչածութիւնը գնահատել, միաժամանակ յարգել ինքնորոշման իրաւունքը պատմականօրէն իրաւազրկուած բոլոր ժողովուրդներուն:
Կը յայտնենք մեր զօրակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահին ու ժողովուրդին, մեր աղօթքը կը բարձրացնենք ցաւի ու սուգի մատնուած անձերուն համար, եւ կը շարունակենք գործել աշխարհի խաղաղութեան համար:
Նախագահ եւ Կեդրոնական Մարմին
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան