Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Միացեալ յայտարարութիւն Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ատրպէյճանական յարձակումներուն առթիւ

Ապրիլ 03,2016 18:06

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ) եւ Հայ Եւրոպական Խորհուրդը (ՀԵԽ) կը դիմեն Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Խորհուրդի (ԵԱՀԽ) Մինսկի Խումբին, անմիջական քայլեր ձեռնարկելու, դատապարտելու համար Ազերի վարչախումբի գրգռութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի դէմ:

ՀԱԽ եւ ՀԵԽ նաեւ կոչ կ’ուղղեն Ֆրանսայի Եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն, որպէս անդամ երկիրներ Մինսկի Խումբին, ազդու կերպով դատապարտելու Ատրպէյճանի բանակի գործողութիւնները, որոնք կը հանդիսանան 1994 թուականի զինադադարէն ասդին կատարուող ամենայ լայնածաւալ յարձակումները:

Նշմարելի է որ, այս զարգացումները անմիջապէս կը յաջորդեն այն հանդիպումներուն, որ ունեցաւ Ազերի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Ճօ Պայտընի, Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղար Ճոն Քէրիի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԽ-ի անդամ այլ երկիրներու ղեկավարներուն հետ: Դժբախտաբար, այս հանդիպումներու ընթացքին եղած կոչերըª Լեռնային Ղարաբաղի հարցը խաղաղ միջոցներով լուծելու ուղղութեամբ, անտեսուեցան Պր. Ալիեւի կողմէ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն մամուլի բազմաթիւ աղբիւրներ, Ատրպէյճանական բանակը Շաբաթ օր հաստատած է, որ իր ուժերը նախաձեռնած են լայնածաւալ, առանց դրդապատճառի զինուորական գործողութիւններու, շփման գիծի ամբողջ երկարութեան, թիրախ դարձնելով ոչ միայն Հայկական Պաշտպանութեան Բանակը, այլ նաեւ պարզ քաղաքացիները:
Անցնող մի քանի ամիսներու ընթացքին մենք բազմիցս յայտնեցինք մեր մտահոգութիւնըª Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող զինադադարի խախտումներուն վերաբերեալ: Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան, երկուքն ալ լուռ մնացին, Մինսկի Խումբի ծիրէն ներս եւ դուրս, փոխանակ դատապարտելու Ազերի բռնապետութեան անտեսումը միջազգային հանրութեան նպատակներունª տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան պահպանման ուղղութեամբ:

Որպէսզի կարելի դառնայ առաջքը առնել ապագայ զարգացումներուն, ԵԱՀԽ Մինսկի Խումբը, գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներուն եւ Ֆրանսայի, պարտին վերջ տալ երկու կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերելու մասին սովորական դարձած յայտարարութիւններէն ու խստագոյնս դատապարտեն Ատրպէյճանական բանակի կողմէ սկսած բացայայտ նախայարձակումը: Միայն այն ժամանակ, երբ դադրի Ազերիներու յարձակումը, ԵԱՀԽ Մինսկի Խումբը պէտք է դիմէ, քայլերու, որպէսզի վերականգնուի վստահութիւնը երկու կողմերուն միջեւ: Իսկ, այս նպատակին հասնելու ուղղութեամբ խիստ կարեւոր է որ, Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչներու ներկայ գտնուին բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:

Հայ Եւրոպական Խորհուրդ
Փարիզ

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը
Լոս Անճելըս

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930