ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Ապրիլ 3-ին բողոքի ցոյց կազմակերպուած է Յունաստանի Մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Յունաստանի իր աղբիւրներէն։
ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամները բողոքած են Արցախի Հանրապետութեան սահմանի ողջ երկայնքին Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւններուն դէմ:
Յունաստանի «Ազատ օր» օրաթերթը կը հաղորդէ,
Կրակի մէջ է Արցախը.
Կարդացեք նաև
զօրավիգ կանգնինք Արցախի հերոսական մեր ժողովուրդին
Արցախի ժողովուրդին լիակատար համերաշխութիւն ցոյց տալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ռազմական գործողութիւնները դատապարտելու նպատակով՝ Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ համախմբուեցաւ աթենահայութիւնը Կիրակի 3 Ապրիլի կէսօրուայ ժամը 12։30-ին։ Բազմամարդ ցոյցը կազմակերպուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, նուազ քան 24 ժամուայ մէջ, արագօրէն համախմբելով մեր հայրենակիցները։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութեան անդամները, իրենց պարզած պահանջատիրական պաստառներով եւ Հայաստանի ու Արցախի դրօշակներով՝ գլխաւորեցին խաղաղ, բայց եռանդուն ցոյցը։ Համախմբուած ժողովուրդը արագօրէն արձագանգեց կազմակերպող մարմնի հրաւէրին, մեծով ու պզտիկով ներկայ գտնուելով եւ իր բարձրաձայնած լոզունգներով, խստօրէն դատապարտելով Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները։ Մեր կողքին գտնուեցաւ նաեւ Յունաստանի Պոնտական Միութեան երիտասարդական խումբը, իր զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախահայութեան։
Կարճ ժամանակ ետք, Ատրպէյճանի դեսպանութեան պաշտօնակատար մը, դրան մուտքին կանգնելով, ստանձնեց Ատրպէյճանի պետութեան ուղղուած բողոքի յուշագիրը՝ ժողովուրդի բարձրաձայն կրկնուող «Ղարաբաղը մերն է» պահանջքին տակ։
Նման ցոյցեր կազմակերպուեցան Սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ եւս, ցոյց տալու համար թէ ազերիական անհեռատես ռազմասիրութիւնը դատապարտուած է մեռնելու։
Օտար պետութիւնները պարտին իրականութեան դէմ յանդիման կանգնելու եւ վերաքննելու իրենց որդեգրած անսկզբունքային դիրքորոշումները, որ հեռու են մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան յարգման սկզբունքներէն։