Կը դատապարտենք Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ եւ տարիներու շղթայազերծուած շարունակական եւ անարգ յարձակումները, յատկապէս Ապրիլ 1-2 լուսցող գիշերը լայնածաւալ զինուորական գործողութիւնները Արցախի տարածքին ու մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի եւ Հայաստանի պետական կառոյցներուն, Հայոց Բանակին, մեր ժողովուրդին եւ մեր բոլոր կարելիութիւնները կը դնենք անոնց տրամադրութեան տակ:
Այսու կու գանք ցաւակցելու Ատրպէյճանական անարգ յարձակումներուն զոհ գացած հայորդիներու ընտանիքներուն:
Մենք ուշադիր կը հետեւինք սահմանի վրայ ընթացող լուրջ զարգացումներուն եւ արդէն իսկ քայլեր կը ձեռնարկենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն շրջանակները մղելու, որ տէր կանգնին Մինսկի խումբի համանախագահի իրենց պատասխանատուութեան եւ ազդու միջոցներով զգաստութեան հրաւիրեն ատրպեճանական այս նորագոյն արկածախնդրութեան հեղինակները:
Այսու կը դիմենք նաեւ մեր համայնքի բոլոր ազգային կառոյցներուն եւ հայրենակիցներուն, պատրաստ ըլլալու գործնականապէս սատարել Արցախի ժողովուրդին, անոր անվտանգութեան երաշխաւոր Հայոց Բանակին:
Կարդացեք նաև
ՀՅԴ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ