yerakouyn.com. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի կալուածը պահանջող դատին բացուելէն ի վեր միջազգային, թրքական ու հայկական մամուլը, ինչպէս նաեւ թուրք մտաւորականութիւնը զանազան առիթներով անդրադարձան այս հարցին։
Անցնող շաբթուան ընթացքին, դատին թղթածրարը ներկայացնող Կաթողիկոսութեան թուրք փաստաբանը հարցազրոյց մը ունեցաւ թուրքիոյ կառավարութեան մօտիկ նկատուող թերթերէն «Հապէր Թուրք»ի (Haber Turk) թղթակիցին հետ։ Հարցազրոյցին ընթացքին փաստաբան Ճէմ Սոֆուօղլու բացատրած է դատին առնչութեամբ տարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ապագայի ծրագիրները՝ յատկապէս թրքական դատարանին կողմէ մերժուելու պարագային Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարան երթալու որոշումը։
Սոֆուօղլու նաեւ փոխանցած է դատին առնչութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կեցուածքը. «Այս նիւթին շուրջ Թուրքիոյ հետ պիտի չսակարկենք։ Հատուցում չենք պահանջեր. աւելի քան 800 տարի մեզի պատկանած կալուածներու վերադարձը կը պահանջենք։ Եթէ Թուրքիա կը փափաքի հայ ժողովուրդին մերձեցման ոգի ցուցաբերել, սա լաւագոյն առիթն է»։
Հարցազրոյցը որ լոյս տեսաւ Հապէր Թուրք օրաթերթի 21 Մարտ 2016-ի թիւով, թրքական մամուլին եւ ընկերային լրատուամիջոցներուն հետաքրքրութիւնը վերստին շարժեց։ Հարցազրոյցին նաեւ անդրադարձան Թուրքիոյ հայ եւ թրքալեզու, ինչպէս նաեւ հայրենի թէ սփիւռքահայ մամուլը։