Խոստումը տրուա՛ծ է: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի կառավարութեան մաս կազմելով՝ անկարելին պիտի ընէ, որպէսզի բարելաւուի հայրենի ժողովուրդին վիճակը:
Նահանջելու տեղ չկայ, ժամանա՛կ ալ չկայ: Լարուած աշխատանքի լծուած են դաշնակցական նախարարները, որոնց հետ նաեւ՝ ամբողջ կուսակցութիւնը, իր հայրենական եւ սփիւռքեան կառոյցներով:
Հասկնալի է, որ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը կը դիմագրաւէ ժողովուրդին մօտ ամրացած՝ ընդհանրապէս բոլո՛ր քաղաքական ուժերուն, դիմադիր թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն հանդէպ անվստահութիւնը, հիասթափութիւնը…
Հասկնալի է, որ ընդհանրապէս խոստումները կը դիմաւորուին քմծիծաղով ու արհամարհանքով…
Հասկնալի է, որ այս անվստահութեան մթնոլորտը արագ փոխել կարելի չէ:
Այսուհանդերձ, դաշնակցական գործիչներն ու կառոյցները պարտաւոր պիտի ըլլան, պիտի ըլլա՛նք, վստահութիւն ներշնչող քայլեր կատարելու իւրաքանչիւր անցնող օր, գործնական, իրագործելի եւ նպատակային ծրագիրներ ներկայացնելու հանրութեան, եւ ճանապարհներ գտնելու՝ ամբողջ ազգին հնարաւորութիւնները այդ ծրագիրներուն իրականացման ուղղելու համար:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում