Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայեցի դաստիարակութիւնը՝ 21-րդ դարու սկիզբը – յամեցող ու նոր մարտահրաւէրներ. yerakouyn.com

Մարտ 29,2016 13:32

Ներածական/ընդհանուր ակնարկ – Մեկնելով թիւերէն

Դժուար է ստուգել «հայեցի դաստիարակութիւն» եզրի ծագման ճշգրիտ պահը, բայց կարելի է հաստատ վկայել անոր յետ-եղեռնեան երկրորդ յիսնամեակի ընթացքին աստիճանական շեշտադրման մասին: Բնականաբար, կրթական ոլորտի միջոցաւ ազգային դաստիարակութեան մը յղացքին եւ հայերէնի կենսականութեան համար կարելի է հասնիլ մինչեւ Զարթօնք, Աբովեան եւ Րաֆֆի, սակայն այս եզրի գոյութիւնը սփիւռքեան երեւոյթ է, որու ծննդոցը վստահաբար ծայր կ’առնէ ցեղասպանութեան բեկումէն: Երբ շրջանառութեան մէջ մտան «ուծացում», «այլասերում», «ձուլում» կամ թեւաւոր ըսուած՝ «սպիտակ ջարդ» բառերը, վստահաբար այդ օրերէն իսկ միւս նժարին դրուեցան «հայեցի դաստիարակութեան» եւ «հայապահպանում»ի կշռաքարերը: Այս ահազանգը հնչած էր վերապրողներու յետնորդ սերունդէն, գոյատեւման բնազդային մղումէ մը հաստատօրէն, որ քիչ քիչ ձեւաւորուած էր իբրեւ ուղեգիծ, առանցք ունենալով հայերէն լեզուն:

Այդ օրերուն, երբ տակաւին քիչ ծանօթութիւն կար անձի հոգեմտաւոր աշխարհի կազմաւորման վրայ լեզուամտածողութեան ունեցած հիմնական ազդեցութեան մասին, այս սերունդի մտաւորականութիւնը պիտի գար հիւսելու այնպիսի պատուանդան մը հայերէնի անփոխարինելիութեան համար, որ հազար ու մէկ քերթուածներու միսթիքով կ’ամրապնդուէր: Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաձեւումը այս պարագային ո’չ թէ փոխաբերական թռիչք էր, այլ՝ ապրուող կարգախօս, որու սպառազինումով ալ՝ գէթ Միջին Արեւելքի հայ համայնքները իրենց գոյութենական մարտահրաւէրներուն ընդառաջ գացին: Կարելի է ըսել որ այդ ժամանակահատուածի ընթացքին, տուն-դպրոց-ակումբ-եկեղեցի-միջավայր (հայահոծ շրջաններ/թաղամասեր, մամուլ, եւլն.) հիմերուն բարձուած երդիքին տակ, իսկապէ’ս յաջողեցաւ այս տարազը, յատկապէս վերը նշուած համայնքներուն մօտ: Յառաջ եկաւ հայերէն լեզուի գիտակ, հայախօս ու իր ինքնութեան մասին երկբայութիւններ չունեցող սերունդ, որու այ’ս ատաղձով ալ, քիչ անց, կարելի պիտի դառնար Սփիւռքի քաղաքականացման եւ մարտունակ դիմագծի դարբնումի գործընթացը: Նոյն ատաղձով նաեւ կարելի պիտի ըլլար (թէկուզ եւ չծրագրուած ու ակամայ) աւելի ուշ պատուաստել Արեւմուտքի հայ համայնքներու հաւաքական կեանքի հայեցիութիւնը, Միջին Արեւելքի քաղաքական ցնցումներուն առթած արտագաղթներուն իբրեւ արդիւնք հոն հաստատուողներու ստուար թիւին պատճառով: Ինչ որ մեզ կը բերէ, հրատապութեան իմաստով, տագնապի բուն վայր(եր)ը, աւելի ճիշտ՝ անոնցմէ առաջինին: Երկրորդը` նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու, յատկապէս Ռուսաստանի Սփիւռքն է, իր աւանդական թէ Հայաստանի անկախութենէն ետք կազմուած հատուածներով:

Վերեւ յիշուած յիսնամեակէն իսկ առաջ, բոլոր նախանշանները եւ անդրադարձումները կային Արեւմտեան աշխարհի համայնքներու հայեցիութեան (իմա’ հայկականութեան) «նահանջ»ին, որ անօրինակ թափով մը, շուտով պիտի վերածուէր անհետ ինքնաջնջումի մը երեւոյթին: եթէ ոստում մը ընենք մինչեւ մեր օրերը եւ յետադարձ ակնարկով փորձենք դիտարկել կտրուած այս ճամբան, ակնբախօրէն ի յայտ պիտի գայ Միջին Արեւելքէն արտագաղթներուն պատճառով վերոնշեալ «պատուաստում»ի դրոշմը, առանց որու դժուար թէ կարելի ըլլայ պատկերացնել հայախօսութիւն եւ հայեցիութիւն Արեւմտեան մեր գաղութներուն մէջ: Ասոր վրայ եթէ աւելցնենք վերջին քսանհինգամեակին Հայաստանէն արտագաղթածներու ազդակը, դէմ յանդիման կը գտնուինք ներկայի բազմաշերտ մեր համայնքներուն, որոնց ամբողջութեան վրայ է որ աւելի պիտի կեդրոնանայ այս մտորումներու լուսարձակը:

Ցեղասպանութենէն ետք հինգերորդ սերունդի օրերուն ենք: Աւանդական Սփիւռքի աշխարհագրական թէ դիմագծային, բնական թէ անբնական ընթացքով եղած փոփոխութիւնները բազմապիսի են: Ասոնց լոյսին տակ, հայեցի դաստիարակութեան դասական բնորոշումն ալ ենթակայ է բազմաձայն հարցադրումներու եւ շատ յաճախ վերատեսութեան հակադիր առաջարկներու: Բազմիցս պարզաբանուած դասական բնորոշումը կարելի է ամփոփել այսպէս՝ «Հայերէն լեզուի ուսուցում ու անոր վրայ խարսխուած՝ հայ մշակոյթի, պատմութեան, աւանդութեանց եւ ինքնութեան բաղադրիչներու փոխանցում, որոնցմով կը կազմաւորուի աշակերտի ազգային հոգեկերտուածքն ու դիմագիծը»: Այս ուղղութիւնը տակաւին ունի իր անշեղ հետեւորդները, որոնք կը հաւատան թէ այս սկզբունքը չի կրնար վաղեմութեան ժամկէտ ունենալ – կը փոխուին կամ կը պատշաճեցուին միայն անոր կիրառման եղանակները: Ասոր դիմաց, հինէն ի վեր շրջագայող սակայն այս օրերուն ուղենիշային կարգավիճակ ստացող առաջարկներէն մին կարելի է սեպել հայերէն լեզուի առանցքային դերի նուազեցման մէկ տարազումը, ըստ որու շեշտը հարկ է դրուի հայեցի շունչի, ոգիի եւ մշակութային պատկանելիութեան փոխանցման վրայ, հասանելի ըլլալու համար օտարախօս (կամ այդ ճամբան բռնած) նոր սերունդին: Վերջապէս, կայ նաեւ ընդլայնուած սահմաններով մօտեցում մը, որ իրերու դրուածքին ի տես, կը փորձէ հաւասարակշռութիւն մը պահել տուեալ բնակավայրի պարտադրանքներուն եւ հայեցի դաստիարակութեան հրամայականին միջեւ, փորձելով շաղախել այսօրուայ սփիւռքահայն ու իր բնակած երկրի քաղաքացին մարմնաւորող բնորդ մը, որ արտացոլումն է Սփիւռքի երկակենցաղ դրութեան եւ անոր բերած զուգընթաց պահանջքներուն:

Սակայն այս բոլորի տեսական ոլորտին առաւել եւս չառնչուած, արժէ պահ մը կանգ առնել աւելի քանակական բնոյթի ազդակներու վրայ: Նման հակիրճ զեկոյցի մը սահմաններուն մէջ, որ հեռու է ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը ըլլալէ, հարկ եղած տուեալներու պակասին պատճառով՝ կը բաւականանք հարցադրումներ դնելով սեղանի վրայ: Աւելի վար՝ կարգ մը օրինակներ ու թիւեր կը պարզենք (ասոնցմէ միայն Լիբանանի օրինակն է որ արդիւնք է մեթոտիկ ուսումնասիրութեան մը. մնացեալները՝ տարբեր աղբիւրներէ հաւաքագրուած իրողական թիւեր կամ ալ՝ ամենամօտաւոր տուեալներ են): Նոյնինքն այս հարցադրումները իրենք կը կարօտին ապագայի անհրաժեշտ հետազօտական աշխատանքի, որպէսզի կարելի դառնայ չափորոշել ուսումնական կոնկրետ մեր կարելիութիւնները եւ այդ հիմամբ՝ մեր ընելիքը ճշտել:

Խօսքը կը վերաբերի հետեւեալ հարցերուն-

1- Սփիւռքի հայութեան թիւերը կը գնահատուին 7 միլիոնով: Այս թիւի ստուգուած հիմքերը քիչ են թէեւ, բայց այս պահուս ընդունինք զայն իբրեւ կարելի մեկնակէտ: Քանի՞ հայկական ամենօրեայ վարժարաններ կան այս թիւին դիմաց՝ նոր սերունդին մօտ հայեցիութիւնն ու հայ լեզուն կենդանի պահելու եւ ամրապնդելու:Այլապէս ասած՝ մանկապարտէզի տարիքէն երկրորդականի բարձրագոյն դասարաններ յաճախող մեր աշակերտական զանգուածին ո՞ր տոկոսին կը հասնինք սպասարկելու:

2- Ամենօրեայ այդ վարժարաններէն քանի՞ն նախակրթարանի մակարդակով է, քանի՞ն միջնակարգ եւ քանի՞ն երկրորդական բարձրագոյն ուսման:

3- Ի՞նչ է աշակերտութեան թիւը, շրջան առ շրջան առանձնաբար եւ ապա՝ ընդհանուր:

4- Տուեալ շրջանի/երկրի կրթական պետական ծրագրի պահանջնքները եւ դրուածքը ի՞նչ են: Ի՞նչ է անոնց ազդեցութիւնը վարժարաններու հայկական ծրագրին վրայ:

5- Վարժարաններու շաբաթական ընդհանուր դասաժամերու գումարին բաղդատած՝ քանի՞ ժամը յատկացուած է հայկական նիւթերուն (եթէ կարգէ կարգ տարբերութիւններ կան, միջինը ի՞նչ է): Իսկ այդ ժամերէն քանի՞ն ի մասնաւորի՝ հայերէն լեզուի նիւթի դասաւանդման կ’երթան:

6- Քանի՞ միօրեայ վարժարաններ ունի Սփիւռքը: Աշակերտութեան ու դասաժամերու թիւերը ի՞նչ են՝ առանձնաբար թէ ընդհանուր:

7- Որո՞նք են միօրեայ վարժարաններու ծրագրիրներու բաղադրիչ նիւթերն ու առաջնահերթութիւնները:

Ստորեւ, այս հարցադրումներուն առնչուող թիւեր, օրինակներ եւ պատկերներ: Տեղեկատուական այս (յաճախ չոր ու կրկնութեան նմանող) մանրամասնութեանց թուարկումը, հատուածի աւարտին, կը դառնայ ինքնաբացատրական-

1- Միջին Արեւելեան գաղութներ – Ասոնց կարեւորագոյնները տարբեր տարողութիւններով վճարած են ու կը շարունակեն վճարել տարածաշրջանի վերիվայրումներու գինը (յատկապէս Եգիպտոս, Լիբանան, Իրան, Իրաք, եւ Սուրիա) :Բոլորին մօտ հասարակ յայտարարը անդամներու թիւի սուր կրճատումն է եւ ընկերային յօրինուածքի որոշակի նօսրացումը: Ուսումնական կառոյցները անխուսափիլիօրէն ազդուած են այս ցնցումներէն, սակայն գէթ Լիբանան, Սուրիա եւ Իրան կը պահեն հայեցի դաստիարակութեան մը անհրաժեշտ աւանդը, հիմունքներն ու ուղեգիծը: Վիճակագրական ստոյգ տուեալներու բացակայութեան, տարբեր աղբիւրներէ քաղուած վարկածային համրանքներով, ամբողջ շրջանի հայութեան թիւի գումարը կը տարուբերի 300,000էն 350,000ի միջեւ: Թէ այս թիւերուն համեմատ՝ քանի՞ հայկական վարժարան կը գործէ ամբողջ շրջանին մէջ, դժբախտաբար թիւերը կը պակսին մեզի առայժմ: Սակայն հարցականը, քանակական թէ հեռանկարային առումով, կը մնայ հաշուարկելի պատասխանի կարօտ: Ճշգրիտ համեմատութեան օրինակ կարելի է բերել միայն Լիբանանի պարագան, որու վարժարաններու պատկերին շուրջ՝ 2013-ի Կիւլպէնկեան հիմնարկի ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ հետեւեալ թիւերը-

25 հայկական վարժարաններ ունին (ոչ բոլորը երկրորդական կարգերով) 6951 աշակերտներ (սուրիահայ աշակերտները ներառեալ): Հայերէն նիւթերու դասապահերու միջինը շաբաթական 40-ի վրայ՝ 9.5 է նախակրթարանի Ա կարգերուն մօտ, 8.3՝ Ե կարգեր, 4.8՝ ԺԱ կարգեր եւ 1.6՝ ԺԲ կարգեր:

Գաղութի համրանքը կը գնահատուի՝ 80էն 100,000:

2- Արեւմուտք – Եւրոպայի (Արեւմտեան թէ Արեւելեան) գաղութները, Ամերիկաներն ու Աւստրալիան –

Հակառակ ցամաքամասային հեռաւորութիւններուն, մեր գաղութներուն միջեւ կարելի է շատ մը հանգիտութիւններ եւ զուգահեռներ գտնել՝ ուսումնական ենթակառոյցի, իրադրութեանց, օտար(աց)ման վտանգին եւ հայեցի դաստիարակութեան մարտահրաւէրներուն իմաստով: Մերկ հայեացքով կարելի է վկայել որ տիրապետող մշակոյթներու եւ տարածաշրջաններու երկիրներուն միջավայրային ազդեցութեան տակ, մեր վարժարաններէն ներս թէ դուրս,հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելը ոչ թէ հոսանքն ի վեր թիավարում մըն է այլեւս, այլ՝ բազմապիսի կլանող ազդակներու ոլորապտոյտին մէջ՝ ծփում եւ շնչառութիւն պահելու սիզիֆեան ճիգ մը:

Գաղութէ գաղութ փաստի կարօտող համրանքները հայութեան ընդհանուր գումարը կը տարուբերեն 3 միլիոնէն 3.5 միլիոնի միջեւ: Մօտաւոր համեմատութիւններու օրինակներ կարելի է բերել շրջաններու առաւել հայահոծ եւ կեդրոնական համայնքներէն հետեւեալները-

Ըստ տեղական հայ մամուլի հրատարակած տուեալներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի (յատկապէս Գալիֆորնիա) հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւը կը հասնի 6000-ի (այլ գնահատումով մը՝ 5000), ի դիմաց 50,000 այլ հայ աշակերտներու որոնք օտար կրթական հաստատութիւններու մէջ կ’ուսանին:Ամերիկահայութեան ընդհանուր թիւը կը գնահատուի շուրջ 1,500,000-ով, իսկ ափէ ափ ամենօրեայ դպրոցներու թիւը՝ 26 (այլ աղբիւրի մը համաձայն՝ 22 – Արեւելեան Ամերիկայի մէջ «մէկ ձեռքի մատներու վրայ կը համրուին հայկական դպրոցները», իսկ Արեւմտեան Ամերիկա՝ «կը հասնին մէկ ու կէս տասնեակի»):

– Ֆրանսայութեան թիւը կը տարուբերի 400,000-էն 500,000-ի միջեւ: Հոն կը գործեն 7 ամենօրեայ վարժարաններ, որոնցմէ 5-ը նախակրթարան, մէկը միջնակարգ եւ միայն մէկ երկրորդական՝ որ Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանն է: Փարիզ կը գտնուին անոնցմէ 4-ը, մէկական հատ ալ՝ Լիոն,Նիս եւ Մարսէյ: Հայ աշակերտութեան կը տրուի 60,000-ի համրանք, որոնցմէ շուրջ 1500-ը կը յաճախէ հայկական վերոգրեալ վարժարանները:

Ուշագրաւ է Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի հայկական 7 ամենօրեայ վարժարաններու պարագան: Իրենց հիմնադրութեան օրէն միայն հայ աշակերտութեամբ ճամբայ ելած այս կրթօճախները՝ բոլորն ալ ներկայիս խառն աշակերտութիւն ունին (հայ եւ ոչ-հայ – օրինակ՝ Խրիմեան վարժարանը ունի 650 աշակերտ, որոնց 55%-ը հայեր չեն): Իրերու այս դրուածքը արդիւնք է առաւելաբար տնտեսական ազդակներու, ինչպէս նաեւ քաղաքի հայ համայնքի տեղամասային շարժերուն: Համայնքի թիւը կը հասնի 80,000-ի:

Ոչ-հայ աշակերտներուն գծով, Խրիմեան վարժարանի պատասխանատուներու փոխանցած բացատրութիւնը կ’ըսէ թէ՝ «կը խօսինք ընտրանքով հայերու մասին, անոնք որոնք որդեգրած են հայ ըլլալ եւ իրենց ինքնութիւնը հարստացնել «հայկական»ով (…) միեւնոյն ժամանակ, Հայկական Հարցի նկատմամբ յանձնառութիւն կը ստանձնեն եւ զայն կը պաշտպանեն: Անոնք մեր լաւագոյն դեսպաններն են, որոնք կը տարածեն մեր մշակոյթն ու պահանջները»

Նոյն պատասխանատուներուն փոխանցած տուեալներուն համաձայն՝ շաբաթական 40 ժամի վրայ, նախակրթարանի մէջ կը դասաւանդուի հինգ ժամ հայոց լեզու, հինգ ժամ ալ հայ մշակոյթ՝ սպաներէն լեզուով: Բոլոր աշակերտներն ալ պարտաւոր են հետեւիլ հայեցի նիւթերուն: Երկրորդականի պարագային, շաբաթական 30 ժամերու վրայ՝ վեց ժամը հայերէն նիւթերու յատկացուած է – երկու ժամ՝ լեզուի, մնացեալը՝ արուեստ, պատմութիւն, մշակոյթ եւ պար՝ մէկական ժամ։ Հոս միայն հայ աշակերտներուն համար պարտադիր են նիւթերը:

Ամենէն բարացուցական յայտարարութիւնը որ կու գայ Պուէնոս Այրէսէն՝ իր մէջ կը խտացնէ չորս գլխաւոր ազդակ, որոնց ստեղծած պակասորդը արդէն կը յառաջացնէ առաջին մեծ կնճիռները: Զանոնք կարելի է ընդհանրացնել ու կապել այլ գաղութներու ալ-

«Մեր տկարութիւնը, որու մասին խորապէս մտահոգուած ենք, հայ լեզուի դաստիարակութիւնն է, որու համար անհրաժեշտ են մարդուժ, ուսումնական նիւթեր եւ ֆինանսաւորում։ Կարիքը ունինք կրթական մարզին մէջմանկավարժ անձնանազմ ունենալ մասնագիտացած՝ հայերէն լեզուի ուսուցման մէջ: Հարկ է նշել թէ մեր համայնքը վերջերս մեծ թիւով գաղթականներու նոր ալիքներ չէ ստացած, «հին» համայնք մըն է։ Հայ ծագումով մեր աշակերտներուն մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը Արժանթին ծնած են, անոնցմէ մեծամասնութիւնը հայերէն չի խօսիր»

Գանատահայութիւնը ունի 4 ամենօրեայ վարժարաններ, երեքը՝ Մոնթրէալ, մէկը՝ Թորոնթօ: Անոնցմէ մին՝ մինչեւ միջնակարգ է, միւսները՝ երկրորդականի բարձրագոյն կարգով: Համայնքի ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 70էն 80 հազարով: Ամենօրեայ այս վարժարաններու աշակերտութեան թիւը կը կազմէ 2092 աշակերտ:

Մոնթրէալի երեք ամենօրեաներէն երկուքը նախակրթարանի մէջ ունին 5 ժամ հայերէն նիւթեր՝ շաբաթական 30 ժամուայ վրայ, երրորդը՝ նոյն համեմատութեամբ՝ 4 ժամ: Վարժարաններէն մին որ մինչեւ միջնակարգ Ը դասարան կը հասնի՝ այդ կարգերուն համար կ’ընէ շաբաթական 6 ժամ հայերէն նիւթ, իսկ միւս երկուքը, որոնք երկրորդական բարձրագոյն կարգ կը հասնին, հայալեզու նիւթերու շաբաթական միջինը 3-4 ժամ է:

Շատ աւելի յուսադրիչ է Թորոնթոյի միակ ամենօրեայի լեզուային իմաստով հիմնարար տարիներու (նախակրթարան Ա,Բ,Գ) ժամերու պատկերը՝ շաբաթական 9 ժամով, որ նախակրթարան Դ-էն միջնակարգ Ը՝ կ’ըլլայ շաբաթական 7 ժամ, իսկ բարձրագոյն 4 կարգերուն համար՝ կ’իջնէ շաբաթը 3 ժամի:

Գոյութիւն ունին նաեւ 8 շաբաթօրեայ ու կիրակնօրեայ վարժարաններ (3 Մոնթրէալ, 3 Թորոնթօ, մէկական՝ Գէմպրիճ եւ Վանգուվըր): Կիրակնօրեայ դպրոցներու դերը՝ քրիստոնէական ու հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններու դաստիարակութեան մէջ կը կայանայ, իսկ շաբաթօրեայ վարժարանները կը փորձեն հայերէնի ամենատարրական գիտութիւն ու հայեցի դրոշմ փոխանցել օտար ամենօրեայ վարժարան յաճախող սակաւաթիւ աշակերտներու:

Չնայած որ Գանատայի բազմամշակութային դիմագիծը ամրագրուած է երկրի սահմանադրութեամբ (ի տարբերութիւն ԱՄՆ «ձուլման կաթսայ»ի ուղղութեան) եւ որոշ դիւրութիւններ կ’ընծայէ տարբեր համայնքներու մշակութային ժառանգի պահպանման, ակներեւ է անգլերէնի տիրապետող ազդեցութիւնը՝ բացի Քեպէգ նահանգէն, ուր կ’իշխէ պետութեան միւս պաշօնական լեզուն՝ ֆրանսերէնը: Նահանգային պետութիւնը կը վարէ ֆրանսախօսութեան յստակ ու նախանձախնդիր քաղաքականութիւն, յաճախ լարուածութիւն ստեղծելով երկու պաշտօնական լեզուներուն միջեւ (հակառակ ասոր՝ անգլիախօսութեան հարթիչ գլանին ծանրութիւնը զգալի է ամենուրեք): Շատ հաւանական է որ այս լարուածութիւնն ու անոր առթած լեզուական ինքնագիտակցութիւնը մէկ պատճառն են որ հայախօսութիւնը շատ աւելի շեշտուած ըլլայ Քեպէգի հայ աշակերտութեան մեծ մասին մօտ քան առաւելաբար անգլիախօս մնացեալ նահանգները:

3- Ռուսաստանի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու գաղութները- 3էն 4 միլիոնի հասնող համրանք, ծանրութեան կեդրոնը՝ Ռուսաստան:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան տուեալներով, Ռուսիոյ (ՌԴ) տարածքին կը գործեն 200 միօրեայ (քիչ պարագաներու՝ երկօրեայ) կրթօճախներ, Ուքրանիա՝ 37, Ուզպեքիստան՝ 2, Ղազախստան՝ 9, Պելոռուսիա՝ 2, Մոլտովա՝ 1: Ամենօրեայ վարժարաններ գոյութիւն չունին:

Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ ՌԴ հայութեան թիւը՝ 2.5 միլիոնով կը գնահատուի (այլ տեղ կ’ըսուի՝ 1.5 միլիոն), Ուքրանիոյ՝ 450,000 (այլ տեղ՝ 130,000 եւ 250,000), Ուզպեքիստանի՝ 80,000 (այլ տեղ՝ 50,000), Ղազախստանի՝ 70,000 (այլ տեղ՝ 25,000), Պելոռուսիոյ՝ 30էն 36,000 եւ Մոլտովայի՝ 12,000 (այլ տեղ՝ 8,000 եւ 4,000)

Վրաստան – 2002-ի պետական մարդահամարի թիւերով՝ վիրահայութեան թիւը 248,929 հոգի (առանց Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ), այլ գնահատումով՝ կրնայ հասնիլ կէս միլիոնի:

Պաշտօնական տուեալներով՝ Ջաւախքը ունի շուրջ 114,000 հայ (ոչ-պաշտօնական՝ 150,000): Հոն կը գործեն 120 ամենօրեայ վարժարաններ, 13,000 հայ աշակերտներով: Միւս կողմէ՝ Թիֆլիսահայութիւնը, որ 2002-ի տուեալներով կը հաշուէր՝ 82,586 մարդ (ոչ-պաշտօնական՝ 100,000), ունի երեք ամենօրեայ դպրոց, (որոնցմէ երկուքը՝ իբրեւ վրացական դպրոցներու հայկական մասնաճիւղեր) եւ երկու միօրեայ վարժարաններ:

4- Պոլիս – Իր պատմական կշիռքին համար՝ Պոլիսը իր իւրայատուկ տեղը ունի այս ստորաբաժանումներուն մէջ: Բոլորին ծանօթ է նաեւ վերջին շրջանի համայնքի աշխուժացման ու անոր աւելի համարձակախօս ձայներու երեւոյթը: Աշխուժութեան ալիքը կը տարածուի նաեւ անոր կարգ մը կրթական կառոյցներուն վրայ: Պրպտումներ կան մանկավարժական ու լեզուաբանական արդի մօտեցումներով հայերէն դասաւանդելու ու այս ծիրին մէջ, փորձարկումներ՝ նոյն այդ մօտեցումներուն համահունչ՝ հայերէն դասագիրք պատրաստելու:

Ըստ մեր ունեցած տուեալներուն, հոն կը գործեն 16 հայկական վարժարաններ (ոչ բոլորը երկրորդական կարգերով)՝ 3083 աշակերտներով: Պոսահայութեան մօտաւոր համրանքը կը տարուբերի՝ 60.000էն 70,000-ի միջեւ:

Այս թիւերն ու համեմատութիւնները, նմուշներու փորձարկման (sampling) առումով՝ բաւականին բան կ’ըսեն Սփիւռքի կրթական համակարգերու կարողականութեան եւ արդիւնքներուն մասին: Յստակ է որ այս կրթօճախներու ցանցը՝ կրնայ սպասարկել 7 միլիոնանոց բազմաճիւղ ու բազմաբնոյթ Սփիւռքի համայնքներու ուսանողութեան մէկ կոտորակին միայն: Իսկ մնացեալը՞…

Այս տուեալներով, լաւագոյն պարագային ու «կարելիի արուեստով», կրնանք միայն պատկերացնել հայախօս ու հայեցի դիմագծով կորիզներու կազմութիւնը՝ մէկ գաղութէն միւսը: Նոյնիսկ եթէ մակարդի դեր ալ կատարեն անոնք, իրենց շուրջ որոշ տեւողութեամբ կրնան ծիրել մասնաժամ հայերու արբանեակ օղակներ, որոնցմէ դուրս (ու ետք), ուշ կամ կանուխ՝ մօտեցող ամայքն է:

Սփիւռքի մէջ միայն Արեւմտահայերէ՞նն է որ վտանգուած է թէ հայերէն լեզուն ընդհանրապէ’ս

«Մեր լեզուն, ասում ենք, սկսել է կորչել ազգի բերանից. Տաճկաստանի հայը տաճկերէն է խօսում, Ռուսաստանի հայը ռուսերէն է խօսում, Պարսկաստանի հայը պարսկերէն, Հնդկաստանի հայը անգլերէն. և ամենավտանգաւորն այն է, որ այդ ախտը սկսում է ընտանիքից»:

Րաֆֆի

Վերեւ պարզուած խորապատկերին առաջ, պահ մը կանգ առնենք Արեւմտահայերէնի հարցին վրայ ու անոր ընդմէջէն՝ փակագիծ բանանք առհասարակ Սփիւռքի մէջ հայերէնի եւ հայախօսութեան գոյատեւման հեռանկարներուն շուրջ:

Արեւմտահայերէնի պահպանման կամ կենսունակութեան խնդրի արմատները կ’երթան բաւականին հեռու, սակայն հոս մեկնակէտ ընդունինք 2010-ի UNESCO-ի կողմէ Արեւմտահայերէնի ներառումը «որոշակիօրէն վտանգուած» լեզուներու դասակարգին մէջ: Օրին այս գծով շատ բան ըսուեցաւ ու գրուեցաւ, ահազանգայինէն՝ մինչեւ սկեպտիկն ու հեգնականը: Սակայն հոս նպատակը աւելի UNESCO-ի այս իմաստով կազմած մեթոտաբանութեան ընդգծումն է քան 2010-ի յայտարարութեան արձագանգներու վերհանումը (տարբեր հարց նաեւ որ UNESCO-ն, երեւոյթին պաշտօնական/մասնագիտական անուանում մը տալով՝ մեզի պարզապէս կը վերյիշեցնէր տասնամեակներէ ի վեր մեր հանապազօրեայ ապրածն ու տեսածը, մեր մտաւորականներու եւ մանկավարժներու անդուլ կրկնածը):

Ըստ UNESCO-ի կայքէջին, Արեւմտահայերէնի այս դասակարգման ետին կան 2008-ին կատարուած երկու ուսումնասիրութիւններ, մին՝ Միջին Արեւելքի մէջ (Լիբանան, Իրաք, Սուրիա, Եգիպտոս), իսկ երկրորդը՝ Թուրքիոյ (Պոլիս, Վագըֆ գիւղ): Մեզի համար հարցական կը մնայ գոնէ առաջին խմբաւորման պարագային՝ նման եզրակացութեան մը հասնիլը, սակայն կ’անցնինք առաջ ու կը կեդրոնանանք վերեւ նշած մեթոտաբանութեան վրայ:

Ըստ նոյն կայքէջին, 1994-էն 2007, երեք հրատարակութիւններով, կը կազմուի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ատլասը», որ արդիւնք էր աւելի քան 30 լեզուագէտներու միջազգային համագործակցութեան: Անոնց դասակարգումները հիմնուած են 2002-2003 թուականներուն մասնագիտական խումբի մը կողմէ ստեղծուած «Լեզուական կենսունակութիւն եւ վտանգուածութիւն» թղթածրարի մեթոտին վրայ, միանշանակօրէն առնչուած խօսակցական/բանաւոր երեսին: Ստորեւ, ըստ այս թղթածրարին՝ լեզուի մը կենսունակութեան/վտանգուածութեան վեց աստիճանները եւ այս աստիճանաւորման համար նկատի առնուած ինն ազդակները-

Աստիճանաւորում-

1- Ապահով – Լեզուն կը խօսուի բոլոր սերուդներուն կողմէ:

 

2- Խոցելի – Մանուկներբու մեծ մասը կը խօսի լեզուն, սակայն կրնայ սահմանափակուած ըլլալ որոշ բնագավառներու մէջ (օրինակ՝ տան մէջ միայն)

3- Որաշակիօրէն վտանգուած – Մանուկները այլեւս լեզուն իբրեւ մայրենի լեզուն չեն սորվիր տան մէջ:

4- Խիստ վտանգուած – Լեզուն կը խօսուի մեծ ծնողներուն եւ երէց սերունդին կողմէ: Ծնողներու սերունդը կրնայ հասկնալ զայն, սակայն իրար հետ կամ իրենց զաւակներուն հետ չեն հաղորդակցիր այդ լեզուով:

5- Ճգնաժամային կերպով վտանգուած – Ամենէն երիտասարդ խօսողները՝ մեծ ծնողներն են կամ անոնցմէ աւելի տարեցները: Անոնք լեզուն մասնակիօրէն կը խօսին ու ոչ յաճախակի:

6- Մեռած/շիջած – Լեզուն խօսողներ չկան ալ:

Չափորոշիչ ինն ազդակներ-

1- Լեզուի միջ-սերնդային փոխանցում

2- Խօսողներու բացարձակ թիւը

3- Խօսողներու համեմատութիւնը՝ բնակչութեան ընդհանուր թիւին մէջ

4- Լեզուի գործածութեան բնագաւառներուն մէջ փոփոխութիւններ

5- Նոր բնագաւառներու եւ մետիայի ընկալում

6- Լեզուաճանաչութեան եւ լեզուի ուսուցման նիւթերու առկայութիւն

7- Կառավարական եւ հաստատութենական լեզուական քաղաքականութիւն ու դիրքորոշում, լեզուի պաշտօնական կարգավիճակ եւ գործածութիւն

8- Համայնքի անդամներու վերաբերմունքը՝ իրենց իսկ լեզուին նկատմամբ

9- Փաստագրումի ձեւն ու որակը

Վերի ինն ազդակներէն ամենէն դիպուկը, ըստ փաստաթուղթին, առաջինն է: Մեր պարագային ալ՝ աւագ ու հայախօս սերունդներու շիջումով՝ արդէն իսկ ամենէն խոցելին: Եթէ այս ազդակի կողքին համախմբենք թիւ 2,4,5 եւ 6 կէտերը միայն ու այս չափանիշներով մօտենանք աւանդական թէ նոր, արեւմտեան թէ յետ-խորհրդային սփիւռքներուն, ո՞ր դասակարգումին մէջ կարելի է տեղադրել հայախօսութիւնը ընդհանրապէս: Աչքով չափուած հաւանականութեանց սլաքը պիտի ճօճուի «խոցելի»էն՝ «ճգնաժամային կերպով վտանգուած»ի միջեւ, որոշ տեղեր ալ անշարժանալով՝ «մեռեալ» գծիկին վրայ: Իսկ ութերորդ կէտի փակագիծներուն մէջ է որ կարելի է տեղադրել մերօրեայ բարձրաձայնումները Սփիւռքի լեզուի եւ հայեցիութեան տագնապին մասին, յարադրութեամբը՝ անտարբերութեան եւ մաշումի լայնանիստ մոխրագոյն գօտիին:

Վերջապէս, արժէ նշել որ «աշխարհի վտանգուած լեզուներու ատլասը» նաեւ կը պարունակէ հատուկենտ պարագաներ յաջողապէս վերակենդանացուած լեզուներու, որոնց ետին բնականաբար եղած են պետական/հաստատութենական նպատակաուղղուած աշխատանք ու փոփոխութիւններ՝ ընտանեկան, դպրոցական թէ հաստատութենական բնագաւառներու մէջ (օր- Մեծն Բրիտանիոյ Մանքս եւ Գորնիշ կելտական լեզուները):

Առաքելութեան մը անվերջանալի (վերա)սահմանումները Թռուցիկ հայեացք՝ Արեւմուտքի Սփիւռքեան օճախներու կրթական իրադրութեան այսօրին:

Ինչպէս այլուր, Արեւտեան կողմն աշխարհի եւս, բաւականին մելան հոսած է ու դեռ կը հոսի հայ դպրոցի մերօրեայ առաքելութեան մասին: Արագ ակնարկ մը բաւարար է ամէն վերամուտի, Թարգմանչաց տօնի թէ ամավերջի հանդէսներու, արտասանուած պատգամներուն եւ ուղերձներուն վրայ՝ հաւատալու համար թէ հայ դպրոցի երթը անխափան ու արդիւնաւէտ կերպով կը շարունակուի: Յաւուր պատշաճի այս հրավառութիւններու ետին սակայն՝ տարբեր է կացութիւնը: Այս իմաստով, գետնի վրայ եղած իրականութիւնը ամէն օր ապրող ոեւէ հայ ուսուցիչ պիտի գայ վկայելու շատ մը ուրիշ բաներ՝ ինքնախաբէութեան կլայեկին տակ գտնուող չուռճացուած լաւին ու ոչ-օրհասամերձ վատին մասին: Անոնք իրենց ամենօրեայ, առաջնագծային փորձով պիտի գան վկայելու թէ Արեւմտեան Սփիւռքի հայ դպրոցի դասարանները մանրաշխարհն են (microcosm) ե’ւ տուեալ համայնքի ընկերային յօրինուածքին ե’ւ հայերէնի մաշումի (erosion) եւ կենսունակութեան միջեւ տարուբերուող երկուութեան: Մաշումի պարագային, տեղէ տեղ թափի տարբերութիւններ կան, սակայն գաղտնիք չէ որ այս գործընթացը իր աներեր երկաթուղագծին վրայ դրուած կ’երթայ առաջ: Կենսունակութեան պարագային ալ կարելի է ըսել որ անոր ալ նշագիծը իր ելեւէջները կ’արձանագրէ ըստ վայրի ու համայնքներու նորեկներով «պատուաստում»ին:

Այս դասարաններուն մէջ է որ կը տեսնէք աչքառու աճը խառն ամուսնութեանց կամ օտարախօս թէ հայերէնին թոյլ գիտակ հայ ծնողներու զաւակներուն, որու իբրեւ հետեւանք սեղանի վրայ կը դրուի հայերէնի ուսուցումը մայրենի՞ թէ երկրորդ լեզուի կարգավիճակով կատարելու հարցը (պահանջքը շատ յաճախ կու գայ նոյնինքն այ’դ ծնողներէն): Այ’ս երեւոյթին ու հայերէնի յատկացուած ափ մը պահերուն անբաւարարութեան մատնանշումով է որ ձայներ սկսած են բարձրանալ՝ «Լեզուի տեղ ոգի’ տանք» շիլ կարգախօսով: Այս կարգախօսը ոմանց մօտ տողատակի կը նշանակէ «ազգագրական/մշակութային պատկանելիութեան զգացում եթէ փոխանցենք, բաւարար է» փոխան լիարժէք ազգային ինքնութեան մը դարբնումին: Աւելի’ն. կայ նաեւ նորելուկ հատուած մը, որ «գերազանց կրթութիւն տալը մեր դպրոցներու առաքելութիւնն է» ուղենիշը առաջ նետած, կը պնդէ տեղական պետական ծրագրին ու լեզուներուն տալ առաջնահերթութիւնը, իսկ հայերէնին վերապահել ինքն իր օճախին մէջ «որդեգիր որբ»ի դերը, նախ եւ առաջ՝ ապագայի տիպար քաղաքացին, գործարարը կամ յաջողակ մասնագէտը պատրաստելու մտահոգութենէն մեկնած: Երկու պարագաներուն ալ, լեզուն փոխարինող ոգի’ ըլլայ դեղատոմսը թէ դպրոցի մը կրթական գերազանցութեան նախապատուութիւն տալը՝ ի հեճուկս անոր հայեցի ծրագրին, հակադրումը արուեստական է եւ կը քողարկէ իւրովի արշինով չափուած այլ ձգտումներ: Ի բնէ, որեւէ դպրոցի առաքելութիւնը պիտի ըլլայ գերազանցիկ ուսում տալը-հոս վիճարկելի բան չկայ: Հայ դպրոցը երբ իր ճիշտ հունին մէջ է, գտած պէտք է ըլլայ իր ոսկեայ միջինը ու իր ծրագիրներուն կամ առաջնահերթութիւններուն մէջ, պիտի յաջողի կարելի, յարաբերական հաւասարակշռութիւն մը պահել:Առանց մտահան ընելու սակայն որ իր գոյութեան իմաստը եւ առաքելութեան կորիզը՝ հայեցի դաստիարակութիւնն է, որ իբրեւ «յաւելուած» չէ’ կցուած մեր վարժարաններուն:

Այս դասարաններուն մէջ է որ կը նկատէք թէ նոյնինքն այդ դասարանները պղպջակներ են հայախօսութեան, որմէ դուրս աշակերտը անմիջապէս կը «վերադառնայ» իր օտարախօսութեան (հազուագիւտ բացառութիւններով): Հոս է որ կը զգաք թէ հայ մանուկներու ու պատանիներու մեծ մասը, իրենց ամենահարազատ պահերուն՝ կը մտածեն,կ’արտայայտուին, կ’երգեն կամ կը հայհոյեն օտար լեզուով ու իրենց խորագոյն հոգեմտաւոր վիճակներու թարգմանը հայերէնն ու անով կենսագործուած լեզուամտածողութիւնը չեն:

Հոս է որ նաեւ ականատեսը կ’ըլլաք այն վիհին որ կը բաժնէ հայ գրաւոր աւանդը երկրորդականի հայ աշակերտէն, որու համար գրեթէ անթափանցելի են հայ գրականութեան բնագիրները (դասական թէ արդի)՝ եթէ չըլլան պարզացումներն ու պարզացումներուն պարզացումները: Հոս է որ դէմ յանդիման կը գտնուիք մեր աշակերտներու կիսաւեր ու յարափոփոխ ուղղագրութեան ու լեզուակառուցային տարրերուն: Բաներ՝ որոնց համար հին թէ նոր մանկավարժական եղանակներով ալ ըլլայ՝ ժամանա’կ ու կրկնութիւն է պէտք մտքի պատճէն դառնալու եւ ամրագրուելու (շաբաթական 3-էն 5 ժամ հայերէնը՝ կարկտաններ կրնայ արտադրել միայն): Վերջապէս, այս դասարաններուն մէջ է որ կրնաք ընել այն յայտնագործումը (կամ մեղմ ասած՝ հարցադրումը) թէ մատչելի ըլլալու բարի միտումով այս բոլոր պարզացումներն ու պատշաճեցումները արդեօ՞ք չեն դարձած արդէն մեր զիջումի, յանձնումի դրօշը որու մասին չենք ուզեր շատ խօսիլ: Մեր «գինիին քիչ մը ջուր խառնելու» իրապաշտական մօտեցումը արդեօ՞ք «մեզի հրամցուած ջուրին՝ քանի մը կաթիլ գինի աւելցնելու» հակադիր բեւեռին հասցուցած չէ:

Ու ահա այս բոլորին դիմաց՝ կրնաք նաեւ գտնուիլ ապրո’ղ ու առոյգ հայալեզու խօսակցութիւններու, որ թէեւ իր հետ կը բերէ օտարամուտ բառերու բաբելոնեան խառնուրդ մը, սակայն կենդանի’ արտայատիչն է այն ցանքին որ կը կատարեն տուն-միջավայր-ակումբ-եկեղեցի քառակողմը ու անոր ուղեկից մեր կրթօճախները: Ցանք մը՝ որ ցորենն ու որոմը միատեղ բերած՝ որեւէ այլ շնչաւոր լեզուի պարագային բնական ընթացք պիտի սեպուէր, սակայն մերինին գծով՝ վերլուծական հակազդեցութեան մը փոխան՝ յաճախ հաւար կը փրցնէ: Կը թուի թէ տակաւին տիրական է մեր լեզուն կենդանի եւ ուժական կամ «մաքուր» ու պատուանդանի վրայ արձանեալ պահելու շփոթը: Մեր աշխարհաբարը ի վերջոյ իր կենսագրութեան եւ մե’ր պատմութեան քարտէսագրումը կ’ընէ ու կը կրէ պարսկականին, թրքականին, ռուսականին, արաբականին եւ վերջապէս՝ Արեւմտեան լեզուներու կամայ-ակամայ ներմուծումներն ու մնացուկները:

Ահա այս ոչ-ոսկեղնիկ, ոչ-անաղարտ, ոչ-ոսլայուած բայց բաբախուն խառնածինն է որ պիտի լսէք Արեւմտեան աշխարհի նոր սերունդի բերնէն: Ժամանակի ընդերքէն ու Արեւելքէն բերուածին շարունակութիւնը՝ նոր միջավայրի կնիքով: Իր ապրած աշխարհը հայելացնող լեզուամտածողութենէն եկող ձայնը: Այս է մեր լեզուական անկիւնաքարը որու վրայ դպրոցին մէջ պիտի աւելնան նորն ու անոր ջրդեղումը, աշխարհաբարի նորագոյն «ռամկօրէն»ի ուղղորդումն ու հարստացումը: Հակառակ արագացող մաշումին, հակառակ համաշխարհայնացման կլանումներուն, հակառակ անբարենպաստ ու կրծող հոսանքներուն, հակառա’կ նաեւ այն փաստին որ իրապաշտական հաշուարկները յոյս կրնան չներշնչել, սփիւռքեան այս ու նմանատիպ հայերէններուն վրայ է որ կը յենի մեր այսօրուան ու վաղուան գործը:

 

yerakouyn.com

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031