«ՍԱՆԱ».- 27 Մարտի առաւօտեան, սուրիական բանակն ու ժողովրդային ինքնապաշտպանողական խումբերը, բուռն բախումներէ ետք, վերջնականապէս ազատագրեցին հնագիտական Փալմիր քաղաքն ու ականազերծեցին անոր բոլոր հրապարակները, պատմամշակութային վայրերն ու օդակայանը։
«Իւնեսքօ»-ի համաշխարհային մշակոյթի ցանկին մէջ ներառուած Փալմիր քաղաքը ապահով տարածք յայտարարուեցաւ։
«ՍԱՆԱ»-ի տուեալներով ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը քաղաք թափանցելէն ի վեր( Մայիս 2015-ին), ահաւոր սպանդներ գործեց՝ սպաննելով տեղւոյն բնակչութենէն աւելի քան 500 քաղաքացիներ եւ սուրիացի հնագէտ Խալետ ալ Ասաատ, ապա նաեւ քանդեց քաղաքի հնագիտական կարեւոր արժէքները, ինչպէս քաղաքի Յաղթանակի Կամարը, Պաալ Շամին եւ Պել տաճարները, ազգային թանգարանը եւ այլն։