Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Լիբանանեան գրաւոր մամուլը մարտահրաւէրի դիմաց. yerakouyn.com

Մարտ 24,2016 13:35

Վերջին օրերուն լիբանանեան գրաւոր մամուլին մէջ մեծ պատմութիւն կերտած կարգ մը օրաթերթերու դիմագրաւած տնտեսական խոր տագնապը մեծ մտահոգութիւն յառաջացուցած է ժողովրդային եւ պետական շրջանակներու մէջ: Կառավարութեան նիստին, երկիրը տագնապեցնող այլ հարցերու կողքին, արծարծուած է նաեւ այս օրակարգը, եւ նոյնիսկ կառավարութիւնը յանձնառու եղած է հարցին լուծում ապահովելու ճիգերուն իր մասնակցութիւնը բերել: Թէ ինչքանո՞վ կառավարութիւնը այս հանգրուանին կը յաջողի այլ հսկայածաւալ ու յամեցող հարցերու կողքին հոս եւս ներդրում ունենալ, բնական է, որ կը մնայ հարցական: Մէկ իրողութիւն յստակ է սակայն, որ լիբանանեան գրաւոր մամուլը, որ իր վաւերական ու արժանաւոր տեղը եւ դիրքը գրաւած է արաբական մամուլին մէջ եւ անոր էջերը յորդած են միջինարեւելեան զարգացումներու հոլովոյթին պարզաբանումով, արաբական յեղափոխութիւններու եւ գաղափարաբանութիւններու մեկնաբանութիւններով ու վերլուծութիւններով եւ այս բոլորին կողքին լիբանանցի խմբագիր մեծ տիտաններ իւրայատուկ դիմագիծ տուած են ընդհանրապէս շրջանին ապրած պատմադրոշմ հանգրուաններուն, այսօր, այդ բոլոր հարստութիւններու տէր ու ժառանգորդ մամուլը վտանգուած է:

Այս կացութիւնը կը յամենար տարիներէ ի վեր, սակայն մի՛շտ ալ ժամանակաւոր լուծումներով, թէկուզ քաղաքական հովանաւորութիւններու որդեգրումով, լիբանանեան մամուլը յաջողած էր դժուարութիւնները շրջանցել: Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կարեւոր հանգրուաններու մամուլը յաջողած է նաեւ լիիրաւօրէն ստանձնել իրեն վերապահուած 4-րդ իշխանութեան դերը` կարգ մը շարժումներու ծաւալման ու խորացման եւ նոյնիսկ իշխանափոխութիւններու գործընթացին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնելով:

Այսօրուան դրութեամբ թերթերու տնօրէնութիւնները արդէն յատուկ շրջաբերականներով եւ նամակներով այս դժուարութեան ահազանգային վիճակը փոխանցած են իրենց անձնակազմին եւ արդէն` սեղմումներու քաղաքականութիւնը սկսած է արագ կշռոյթով ընթանալ իբրեւ նախաքայլ փակումի: Թէեւ տնօրէնութիւններու եւ պատասխանատուներու կողմէ կը հաւաստիացուի, որ թերթերու ելեկտրոնային տարբերակները պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը, այսուհանդերձ այդ մէկը խաբուսիկ կը թուի եւ կացութենէն շատ բան չի փոխեր:

 

Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031