Այսօր շարք մը լրատուամիջոցներ տեղեկութիւն տարածած էին, որ Պիւքսէլի մէջ երէկ տեղի ունեցած պայթումներուն հետեւանքով հայ երիտասարդ մը անյայտ կորսուած է: Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը չէ հաստատած, որ հայ երիտասարդը կը շարունակէ անյայտ կորսուած ﬓալ:
Յանձնախումբի մամուլի պատասխանատու Պետօ Տէﬕրճեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած էր, որ ՀՀ դեսպանատան թէժ գիծը երէկ զանգ ստացած էր 2 մարդու կորսուելու մասին, սակայն աւելի ուշ անոնք գտնուած էին: Ըստ անոր` հնարաւոր է այս լուրին հնքը նոյնինքն այդ փաստը եղած ըլլայ:
«Պրիւքսէլի հայ համայնքէն կը խնդրենք տեղեկութիւններու առկայութեան պարագային ատոնք փոխանցել»,-եզրափակած է Պետօ Տէﬕրճեան:
Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ դեսպանատունէն յայտնած են, որ Պելճիքայի իշխանութիւններու տեղեկատուութեան համաձայն այս պահի դրութեամբ զոհուածներուն մէջ Հայաստանի քաղաքացիներ չկան:
Երէկ նշուած էր, որ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի դիւանագէտները, ինչպէս նաեւ քաղաքին մէջ գտնուող ԱԺ պատուիրակութիւնը չեն տուժած պայթումններուն հետեւանքով:
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում