Պոլսահայ անուանի գործիչ, «Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան առթիւ թուրք պետական պաշտօնեաներուն դէմ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս ուշագրաւ փաստեր ի յայտ եկած են: «Ակօս»-ի թղթակից Ոյգար Կիւլթեքինի յօդուածին համաձայն` Տինքի սպանութենէն ընդամէնը 3 ամիս առաջ Սթամպուլի բոլոր անվտանգութեան միաւորներուն գրաւոր հրահանգ ուղարկուած է, որմով կը նախատեսուէր նաեւ «Ակօս»-ի ներկայացուցիչներու անվտանգութեան ապահովումը: 2006 Հոկտեմբեր 12-ով թուագրուած նշեալ գրութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած էր.
«Թուրքիոյ հայերու պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի կողմէ 2006 Հոկտեմբեր 11-ին նահանգապետարանին ուղղուած գրութիւն մը, որմով կը պահանջուի ապահովել Թուրքիոյ հայ համայնքի բոլոր դպրոցներու, հիւանդանոցներու, եկեղեցիներու եւ մնացած բոլոր կառոյցներու անվտանգութիւնը` հաշուի առնելով առկայ բաւական լարուած սոցիալ -քաղաքական իրադրութիւնը:
Նկատի ունենալով նաեւ այն հանգամանքը, որ 2006 Հոկտեմբեր 12-ին Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց «այսպէս կոչուած» Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնք` կը խնդրեմ վերանայիլ եւ խստացնել աւելի վաղ սահմանուած անվտանգութեան ձեռնարկները հայ քաղաքացիներուն պատկանող բոլոր այն վայրերուն մէջ, որոնց անունները եւ հասցէները նշուած են կից ցուցակին մէջ, զգուշացնել բոլոր պատասխանատուներուն, որպէսզի աչալուրջ ըլլան, բոլոր զարգացումներուն մասին տեղեկացնել անվտանգութեան տարածքային վարչութեան եւ բացառել բոլոր հնարաւոր խնդիրներու յառաջացում»,– ըստ Ermenihaber-ի` ըսուած է թուրք պաշտօնեայի գրութեան մէջ:
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում