ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումի զինեալները երէկ փորձած են ներթափանցել Հալէպի արդիւնաբերական շրջան՝ Շէյխ Նաճճար, սակայն սուրիական բանակը ետ մղած է յարձակումը։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը։
Բախումներու ընթացքին սուրիական բանակը տուած է զոհեր, որոնց կարգին է հայ զինուոր մը՝ 1994-ի ծնունդ Գէորգ Մկրտիչեան։